Մարզական

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր` Տիտղոսակիր

Երէկ` կիրակի, 7 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի բացման մրցումը, որ ճանչցուած է իբրեւ «Քոմիւնիթի Շիլտ»-ի տիտղոս, գերբաժակի մրցում: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ տիրացաւ տիտղոսին` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անգլիոյ գործող ախոյեանին` Լայսթըր Սիթիին: Ճես Լինկարտ (32-րդ) եւ Զլաթան Իպրահիմովիչ (83-րդ) նշանակեցին Մանչեսթըրի կոլերը, իսկ Ճէյմի Վարտի (52-րդ)` Լայսթըրի...

«Չեմփիընզ Քափ». Լիվըրփուլ Ծանր Պարտութեան Մատնեց Պարսելոնան` 4-0 Արդիւնքով

Միջազգային «Չեմփիընզ Քափ»-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթ, 6 օգոստոսին «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ Լիվըրփուլ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Պարսելոնան: Լիվըրփուլի 4 անպատասխան կոլերը նշանակեցին Սատիօ Մանէ (15-րդ), Խաւիէ Մասքերանօ (47-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ), Տիվոք Օրիկի (48-րդ) եւ Մարքօ Կրուժիք (90-րդ): Երկու կազմերուն մարզիչներն ալ այս մրցումին կատարեցին բազմաթիւ փոփոխութիւններ` լաւապէս փորձելու համար իրենց բոլոր մարզիկներն ալ:

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն` Գերբաժակակիր

Շաբաթ, 6 օգոստոսին տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Փարիզ Սեն Ժերմենը եւ Լիոնը, աւարտեցաւ մայրաքաղաքի կազմին յաղթանակով` 4-1 արդիւնքով: Խաւիէ Փասթորէ (9-րդ), Լուքաս Մուրա (20-րդ), Հաթեմ Պեն Արֆա (34-րդ) եւ Լաւյին Քուրզաուա (54-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը, իսկ Քորենթեն Թոլիսսօ` Լիոնի ուշացած կոլը (86-րդ):

Ռիօ-2016. Ժան Համմամ Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանեան Պատուիրակութեան Անդամներուն Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 5 օգոստոսին, Ռիօ տը Ժանէյրօ (Պրազիլ) հասաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, որ անմիջապէս տեսակցութիւն մը ունեցաւ լիբանանեան պատուիրակութեան հետ: Համմամ յաջողութիւն մաղթեց լիբանանցի բոլոր մարզիկներուն` յոյս յայտնելով, որ անոնք իրենց ամէն կարելին ընեն պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք ձգելու եւ առաւելագոյն թիւով մետալներուն տիրանալու համար:

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Տղոց Կրտսերներու Ազգային Խումբը

PROFOTO Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Մըհաննա» ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս), Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց Լիբանանի տղոց կրտսերներու (18 տարեկանէն վար) ազգային խումբը, որ Թեհրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Ասիոյ կրտսերներու ախոյեանութեան գրաւեց չորրորդ դիրքը: Այս երեկոյին ներկայ էին նաեւ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ կրտսերներու...

Հայկական Ֆութպոլ.  Այսօր Կը Սկսի 2016-2017 Տարեշրջանը

Հայկական Ֆութպոլ. Այսօր Կը Սկսի 2016-2017 Տարեշրջանը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 25-րդ ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը կը սկսի այսօր` շաբաթ, 6 օգոստոսին, Շիրակ - Փիւնիկ բացման մրցումով, որ պիտի սկսի ժամը 17:30-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով: Իսկ վաղը` կիրակի, տեղի պիտի ունենայ Ալաշկերտ- Գանձասար Կապան մրցումը, որ սկիզբ պիտի առնէ ժամը 18:00-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով: Այսօրուան մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Գէորգ Եղոյեան, իսկ վաղուան մրցումինը` Զաւէն Յովհաննիսեան: Ինչպէս ծանօթ է,...

Ռէալ Մատրիտ Կրկնապատկեց Զիտանի Աշխատավարձը

Սպանական «ԱՍ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը որոշեց կրկնապատկել խումբին գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտանի աշխատավարձը: Աղբիւրին համաձայն, ներկայիս, ֆրանսացի մասնագէտին տարեկան աշխատավարձը 5,5 միլիոն եւրօ է: Նշենք, որ անոր այժմու աշխատավարձը գրեթէ նոյնքան է, որքան կը ստանար նախկին` պաշտօնանկ եղած մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես: Իսկ նախկին այլ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի տարեկան աշխատավարձն էր 7,5 միլիոն եւրօ:  

«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Պիտի Երկարաձգէ Ուեսթպրուքի Պայմանագրութիւնը

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան խումբերէն Օքլահոմա Սիթի, համաձայնութիւն մը կնքած է իր մարզիկին` Ռասըլ Ուեսթպրուքի հետ, անոր պայմանագրութիւնը երեք տարիով երկարաձգելու գծով: Կը կարծուի, որ 27 տարեկան Ուեսթպրուք, փոխան 85,7 միլիոն ամերիկեան տոլարի պիտի երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը: Նշենք, որ անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ին:  

Լայսթըրի Սեփականատէրը Ինքնաշարժներ Նուիրեց 19 Ֆութպոլիստներու

Mirror.co.uk կայքը կը հաղորդէ, որ Լայսթըր Սիթիի սեփականատէրը` Վիշայ Սրիվատհանափրապհա (թայլանտցի), Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեան հանդիսացած իր 19 ֆութպոլիստներուն իւրաքանչիւրին նուիրեց «BMW i8» վաճառանիշի ինքնաշարժներ: Կը նշուի, որ չորս ֆութպոլիստներ` Նկոլօ Քանթէ, Ճօ Տոտու, Անտրէյ Քրամարիչ եւ Եոհան Պենալուանէ այդ նուէր-ինքնաշարժներէն չստացան, որովհետեւ նախորդ տարեշրջանի աւարտին հեռացան խումբէն:

Ռիօ-2016. Վաւրինքա Պիտի Բացակայի Ողիմպիական Խաղերէն

Զուիցերիացի թենիսմեն Սթանիսլաւ Վաւրինքա իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունենալիք թենիսի խաղերուն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, յայտնեց «Լը Մաթեն»: Անոր կատարած այս յայտարարութենէն առաջ միջազգային մամուլը յայտնեց, որ Ռիօ-2016-էն պիտի բացակային նաեւ զուիցերիացիներ Ռոժէ Ֆետերեր եւ Պելինտա Պենչիչ: Նշենք, որ Վաւրինքա 2018-ի Փեքինի ողիմպիականին Ֆետերերի հետ տիրացած էր զոյգ տղոց ոսկի մետալին:  

Սպանական Ակումբները Տուգանքի Պիտի Ենթարկուին Դատարկ Թրիպիւններուն Համար

«Մարքա» կը հաղորդէ, որ նոր տարեշրջանէն սկսեալ սպանական ֆութպոլի ակումբները տուգանքի պիտի ենթարկուին, եթէ իրենց դաշտերուն վրայ կատարած մրցումներուն ընթացքին դաշտին թրիպիւնները դատարկ ըլլան: Եթէ մարզադաշտը լեցուած ըլլայ 75 տոկոսէն քիչ թիւով, ապա խումբը տուգանք պիտի ստանայ: Իսկ եթէ պատահի, որ մարզադաշտը կէսէն աւելի նուազ լեցուած ըլլայ, տուգանքը պիտի կրկնապատկուի: Սակայն բացառութիւն պիտի ըլլան այն մրցումները, որոնք կը կատարուին կլիմայական...

Ռոնալտօ, Պէյլ Եւ Կրիզման` Առաջին Երեքին Մէջ

25 օգոստոսին պիտի հրապարակուի Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին տիրացողին անունը` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ 55 երկիրներու լրագրողներուն կողմէ: Այդ տիտղոսին տիրանալու յոյս ունին գլխաւորաբար երեք մարզիկներ, որոնք կը գրաւեն առաջին երեք դիրքերը: Անոնք են` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Կերըթ Պէյլ (Ռէալ Մատրիտ) եւ Անթուան Կրիզման (Աթլեթիքօ Մատրիտ): Մնացեալ դիրքերը` 4-էն 10-ը, յաջորդաբար կը գրաւեն Լուիս Սուարեզ, Լիոնել Մեսսի, Ճիանլուիճի Պիւֆոն, Փեփէ,...

Մեսսի Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Ազգային Խումբ

Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի շատ հաւանաբար իր միտքը փոխելով վերադառնայ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբ, կը յայտնէ «Օլէ» պարբերաթերթը: Կը նշուի, որ շատ հաւանաբար մօտիկ ապագային Մեսսի հանդիպում մը ունենայ Արժանթինի նոր մարզիչ Էտկարտօ Փաուսայի հետ: Կը նշուի նաեւ, որ Մեսսի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 30 օգոստոսին Ուրուկուէյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ կատարուող 2018-ի Մոնտիալի...

Ռիօ-2016.  Լիբանանեան Դրօշակը Բարձրացաւ Պրազիլի Մէջ

Ռիօ-2016. Լիբանանեան Դրօշակը Բարձրացաւ Պրազիլի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 4 օգոստոսին, Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) բարձրացաւ լիբանանեան դրօշակը, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն բացման հանդիսութեան նախօրեակին: Դրօշակի բարձրացման արարողութեան ներկայ էր Ռիոյի մէջ Լիբանանի դեսպան Զիատ Իթանի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամներ, լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, այլ անձնաւորութիւններ եւ խաղերուն մասնակցող լիբանանցի մարզիկները: Նշենք, որ պաշտօնական բացման հանդիսութեան օրը եւ տողանցքին ընթացքին...

Ռիօ-2016. Շաբաթ, 6 Օգոստոսին Տեղի Կ՛ունենայ Պաշտօնական Բացման Հանդիսութիւնը

5-էն 6 լուսցող գիշերը, Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 2:00-ին, Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի պիտի ունենայ 2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Երէկ եւ անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Մարաքանայի դաշտին վերեւ արդէն իսկ յատուկ փորձեր կատարուեցան, թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլան այդ հրավառութիւններն ու յատուկ գործադրուելիք յայտագիրները, որոնց կարգին` պարեր, երգեր եւ յատուկ ծրագիրի դասաւորումներ: Ըստ նախնական տուեալներուն,...

Ուրարտու Հոկտեմբերին Կը Սկսի Իր Ելոյթներուն` Ռուսիոյ Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Երեւանի Ուրարտու պասքեթպոլի տղոց խումբը, որուն կորիզը պիտի կազմեն Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիկները, հոկտեմբերէն սկսեալ պիտի մասնակցի Ռուսիոյ «Սուփըր-լիկ-1»-ի ախոյեանութեան, կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Ներկայիս սկսած է ակումբին առնչուող կազմակերպչական շարք մը հարցերու կարգաւորումը: Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, Ռուսիոյ «Սուփըր-լիկ 1»-ի 2016-2017 տարեշրջանին պիտի մասնակցին 13 ակումբներ: Բացի Ուրարտուէն, մնացած բոլոր ակումբները ռուսական են: Յառաջիկային պիտի հրապարակուի...

Մխիթարեանի Փոխանցման Արժէքը Բարձրացաւ 37 Միլիոն Եւրոյի

«Թրանսֆըրմարքեթ» կայքին համաձայն, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը բարձրանալով հասաւ մինչեւ 37 միլիոն եւրօ: 27 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման արժէքը նախորդ ապրիլին կը կազմէր 30 միլիոն եւրօ: Մխիթարեան այժմ շատ չնչին կերպով միայն ետ կը մնայ իր խմբակիցէն` սպանացի բերդապահ Տաւիտ տէ Ժէայէն, որուն արժէքը կը գնահատուի 40 միլիոն եւրոյով:  

Դաւիթ Արշակեան Միացաւ Շիքակօ Ֆայըրի

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Թրաքայի յառաջապահ Դաւիթ Արշակեան, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, յայտնեց լիթուանական ակումբին պաշտօնական կայքը: Հայ ֆութպոլիստը մաս պիտի կազմէ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Շիքակօ Ֆայըրի եւ 3 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ անոր հետ: Թրաքայի պատասխանատուները յաջողութիւն մաղթեցին անոր` իր նոր ասպարէզին գծով:

«Փան Արմինիըն Մետիա Կրուփ»-ը Պիտի Ցուցադրէ Հայաստանի Ախոյեանութիւնն Ու Բաժակի Մրցաշարքը

ArmSport.am հայկական մարզական կայքը կը հաղորդէ, որ «Փան Արմինիըն Մետիա Կրուփ»-ը եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իրարու հետ համաձայնագիր մը կնքեցին Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 25-րդ ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցաշարքի մրցումները ցուցադրելու առնչութեամբ: Այդ ընկերութեան երեք պատկերասփիւռի կայանները` «Արմենիա Թի. Վի.», «Ա. Թի. Վի.» եւ «Արմնիուզ» պիտի ցուցադրեն իւրաքանչիւր հանգրուանի 2 կարեւորագոյն մրցումները, ինչպէս նաեւ բաժակի մրցաշարքին կարեւոր ճակատումները: Նշենք, որ...

Յստակացաւ 2018-ի Ողիմպիական Խաղերուն Խորհրդանիշը

Յստակացաւ 2018-ի Ողիմպիական Խաղերուն Խորհրդանիշը

2018-ին Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Փիոնկ Շանկի մէջ տեղի ունենալիք ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն խորհրդանիշն է ճերմակ վագրը, կը տեղեկացնէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Ճերմակ վագրին անունն է Սուհորանկ, որ կը նկատուի անասուններուն սուրբ պահապանը: Իսկ փարալիմփիք խաղերուն խորհրդանիշն է հիմալայեան Պանտապի արջը: Նշենք, որ 2018-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 9-25 փետրուարի ժամանակամիջոցին:  

Page 1078 of 1276 1 … 1,077 1,078 1,079 … 1,276

Արխիւներ