«Սքայ Սփորթ Իտալիա» կայքը նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ յայտնեց, որ Ինթեր Միլանի մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի ներկայացուց իր հրաժարականը` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
«Քալչիօ»-ի 2016-2017 տարեշրջանին նախօրեակին, Ինթեր իր կատարած ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն ընթացքին կրեց յաջորդական չորս պարտութիւն:
Բացի ատկէ, 51 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը ակումբին պատասխանատուներուն հետ քիչ մը հարցեր ունի` մարզիկներու փոխանցման վերաբերեալ:
Կը կարծուի, որ անոր յաջորդը պիտի ըլլայ Այաքս Ամսթերտամի նախկին ֆութպոլիստ Ֆրանք տը Պէօր: