
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Ռիօ տը Ժանէրոյի մէջ Լիբանանի դեսպան Զիատ Իթանի յատուկ հանդիպումի մը ընթացքին պատուեց Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան բոլոր անդամները:
Ան իր խօսքին մէջ դրուատեց մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն պայքարի ոգին` անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ մետալներու նուաճում, ինչ տեսակի որ ալ ըլլան անոնք:
Իր կարգին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, դարձեալ յաջողութիւն մաղթելէ ետք լիբանանցի մարզիկներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Իթանիին` այս հանդիպումին համար:
Հանդիպումին աւարտին երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:


