
Այաքս Ամսթերտամի նախկին մարզիչ, հոլանտացի ֆութպոլի անցեալի մարզիկ Ֆրանք տը Պէօր երէկ պաշտօնապէս նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի նոր մարզիչ, այսպիսով փոխարինելով Ռոպերթօ Մանչինին, որ քանի մը օր առաջ ներկայացուց իր հրաժարականը:
Նշենք, որ Տը Պէօր 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ինթեր Միլանի հետ:
Ան իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի կատարէ 21 օգոստոսին, երբ «Քալչիօ»-ի նոր տարեշրջանին Ինթեր Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քիեւօ Վերոնան:


