Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ դիրքի մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ճակատեցաւ Պըրժ Այնթուրայի դէմ, բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարելով արձանագրեց 53-37 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ 2015-2016 տարեշրջանը աւարտեց երրորդ դիրքին վրայ:
Պէտք է նշել, որ այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջկանց բոլոր ներկայացումները ընդհանրապէս եղան տպաւորիչ: Անոնք ունեցան լաւ խաղարկութիւն: