Շաբաթ, 6 օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի Շիրակ – Փիւնիկ բացման մրցումը:
Նախորդ տարեշրջանի ախոյեանութեան արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիրներուն միջեւ այս մրցումը աւարտեցաւ գիւմրեցիներուն յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով:
Հիւրընկալ կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Վիուլեն Այվազեան (21-րդ եւ 45-րդ), իսկ Արամ Մուրատեան նշանակեց երրորդ կոլը (94-րդ): Փիւնիկի միակ կոլը նշանակեց Դաւիթ Մանոյեան (61-րդ փենալթիով):
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց Բանանց` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Արարատը:
Ինչ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած Ալաշկերտ – Գանձասար Կապան մրցումին, անիկա աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: