Նախորդ շաբաթավերջին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցաւ 2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը` տողանցքէ, հրավառութիւններէ եւ գեղարուեստական ճոխ ու կոկիկ յայտագիրէ մը ետք:
Այս խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ մեծ նուաճում մը արձանագրել եւ նախքան պաշտօնական բացումը կատարուիլը յաղթել Իսրայէլին, որուն պատուիրակութիւնը կը փորձէր բարձրանալ այն փոխադրակառքը, ուր արդէն իսկ տեղ գրաւած եւ նստած էին լիբանանցիք: Վերջիններս թոյլ չտուին իսրայէլացիներուն բարձրանալ փոխադրակառք:
– Պաշտօնական Բացում` 31-րդ Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն
– Լիբանան Իր Փոխադրակառքէն Դուրս Շպրտեց Իսրայէլեան Պատուիրակութիւնը
Ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերը, Պրազիլի Ռիօ տը Ժանէյրօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Նշենք, որ ողիմպիականը առաջին անգամ ըլլալով էր, որ տեղի կ՛ունենար Հարաւային Ամերիկայի մէջ:
Բացման արարողութեան համար ծախսուեցաւ 21 միլիոն ամերիկեան տոլար: 4 տարի առաջ Լոնտոնի մէջ ծախսուած էր 2 անգամ աւելի:
Ռիօ-2016-ի բացման արարողութիւնը դիտեցին շուրջ 3 միլիառ անձեր` աշխարհի չորս ծագերուն:
Ողիմպիականի ջահը վառեց մարաթոնի մրցումներու անցեալի անուանի վազող, պրազիլցի Վանտերլէյ Քորտէյրօ տը Լիմա:
Նախքան խումբերուն տողանցքը տիրեց բաւական տօնական մթնոլորտ մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան պարեր` գեղարուեստական ճոխ յայտագիրի մը կիրարկումով, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ հրավառութիւն:
Ողիմպիական խաղերուն ջահը վառելու արարողութեան ներկայ չգտնուեցաւ պրազիլցի ֆութպոլի նախկին աստղ Փելէ, որ անհանգստութեան պատճառով չկրցաւ գալ «Մարաքանա» մարզադաշտը:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին դրօշակակիրն էր լողորդ Վահան Մխիթարեան:
Նախքան աշխարհի նոր մրցանիշներ հաստատողներուն կամ մետալներու տիրացողներուն անունները հրապարակելը կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ Լիբանան մեծ յաղթանակ մը կերտեց եւ ինչու չէ տիրացաւ ողիմպիականի «առաջին ոսկի մետալին», երբ արգելք հանդիսացաւ, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը բարձրանայ այն փոխադրակառքը, որ լիբանանցի մարզիկներն ու պատասխանատուները կը փոխադրէր ողիմպիականի մարզական աւանէն դէպի բացման հանդիսութեան վայրը:
Մինչ լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գտնուէր փոխադրակառքին մէջ, իսրայէլեան պատուիրակութիւնը իր կարգին փորձեց ներս մտնել:
Սակայն լիբանանցիք արգելք հանդիսանալով այդ քայլին` արտօնութիւն չտուին, որ իսրայէլացիները իրենց հետ ուղղուին «Մարաքանա» մարզադաշտ` անոնց դիմաց փակելով փոխադրակառքին դուռը:
Ասոր ի տես իսրայէլեան մամուլը վտանգաւոր արարք որակեց կատարուածը, մինչ ամբողջ Լիբանանը Պրազիլի մէջ գտնուող իր հայրենակիցներուն կատարածը որակեց քաջագործութիւն:
Իսրայէլեան պարտուած պատուիրակութիւնը ստիպուած եղաւ այլ փոխադրակառք մը առնելով մեկնիլ բացման հանդիսութեան վայրը:
Ինչ կը վերաբերի տեղի ունեցած մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Հուրի Գեբեշեան, մասնակցելով աղջկանց մարմնամարզութեան հաւասարակշռութեան գերանի վարժութեան զտումի մրցումներուն, ապահովեց 13,666 կէտ: Ան այդ արդիւնքին հիմամբ կը գտնուի 15-րդ դիրքին վրայ:
Զտումի մրցումները ցարդ կը շարունակուին:
Նշենք, որ անոր այս ելոյթը պատմական էր` նկատի ունենալով, որ ան ողիմպիական խաղերուն առաջինն էր, որ կը ներկայացնէր Հայաստանը աղջկանց մարմնամարզութեան մրցումներուն:
Յարութիւն Մերդինեան (31 տարեկան), որ մասնակցեցաւ նժոյգի վրայ մարմնամարզութեան մրցումներուն` ապահովելով 15,583 կէտ գրաւեց 4-րդ դիրքը եւ ապահովեց աւարտական հանգրուաններուն իր տոմսը:
Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն), Յովհաննէս Դաւթեան (ժիւտօ) եւ Արթուր Յովհաննիսեան (կռփամարտ, 49 քմ) ոչ այդքան լաւ արդիւնքներ արձանագրելով դժբախտաբար դուրս մնացին յաջորդ հանգրուանի մրցումներէն:
Տղոց նետի մրցումներուն հարաւային քորէացի Քիմ Ուճին, առաւելագոյն 720 կէտէն 700 կէտ ապահովելով ողիմպիականի նոր մրցանիշ մը հաստատեց (նախկինը` 699 կէտ):
Այլ ուշագրաւ երեւոյթ մը եղաւ Չինաստան – Հարաւային Ափրիկէ աղջկանց ֆութպոլի մրցումը (2-0), երբ 87-րդ վայրկեանին Թան Ռույին (Չինաստան) իր կոլը նշանակեց 40 մեթր հեռաւորութենէն:
Տղոց թեսնիսի մրցումներուն, աւստրալիացի Ճոն Միլման, որ 6-0 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Ռիչարտաս Պերանքիսի (Լաթվիա), ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց, որովհետեւ ցարդ չէր պատահած, որ մրցում մը աւարտի 6-0 եւ 6-0 արդիւնքով, առանց որ պարտուողը կարենայ սեթ մը խլել յաղթական մարզիկէն:
Անգլիացի 21 տարեկան Ատամ Փիթի տղոց 100 մեթր կուրծքի լողարշաւի կիսաւարտականի մրցումներուն յաջողեցաւ աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատել (57″ 55), այսպիսով կոտրելով իր իսկ կողմէ հաստատուած մրցանիշը (57″ 98):
Աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ նաեւ աղջկանց 400 մեթր ազատ լողի մրցումներուն` շնորհիւ հունգարացի Քաթինքա Հոսզուի, որ արձանագրեց 4′ 26″ 36 արդիւնք մը եւ տիրացաւ ոսկի մետալին:
Այլ ոսկի մետալներու տիրացան (առանց սակայն աշխարհի մրցանիշներ հաստատելու) հետեւեալ մարզիկներն ու աթլեթները.
- Փաուլա Փարեթօ (Արժանթին), որ աղջկանց ժիւտոյի մրցումներուն (48 քկ) յաղթեց Ժէոնկ Պօ Քիյոնկի (Հարաւային Քորէա):
- Վիրճինիա Թրեշլըր (Միացեալ Նահանգներ), 10 մեթր նշանառութիւն:
- Կրեկ Վան Ավերմաէթ (Պելճիքա) ճամբու հեծելարշաւ (6 ժամ, 10′ 05″):
- Մեք Հոթըն (Աւստրալիա) 400 մեթր ազատ լող (3′ 41″ 55):
- Մետիսըն Ուիլսըն (Աւստրալիա), աղջկանց 4×100 մեթր ազատ լողարշաւ:
- Էմեսէ Սզասց (Հունգարիա), աղջկանց սուսերամարտ:
- Սոփիթա Թանասան (Թայլանտ), աղջկանց 48 քկ ծանրաբարձութիւն (200 քկ):
- Պեսլան Մուտրանով (Ռուսիա), տղոց 60 քկ ժիւտօ, աւարտականին յաղթելէ ետք Ելտոս Սմեթովի (Ղազախստան):
- Քոսուքէ Հակինօ (Ճափոն), աղջկանց 4×100 մեթր ազատ լող (4′ 06″ 5)
- Հուանկ Զուան Վինհ (Վիեթնամ), տղոց 10 մեթր ատրճանակ:
Ստորեւ` կարգ մը կարեւորագոյն մրցումներուն արդիւնքները.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
ՏՂԱՔ
Աւստրալիա – Ֆրանսա (Ա. խմբակ) 87-66
Միացեալ Նահանգներ – Չինաստան (Ա. խմբակ) 119-62
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Ֆրանսա – Թուրքիա (Ա. խմբակ) 55-39
Քանատա – Չինաստան (Բ. խմբակ) 90-68
Աւստրալիա – Պրազիլ (Ա. խմբակ) 84-66
Ճափոն – Պիելոռուսիա (Ա. խմբակ) 77-73
ՖՈՒԹՊՈԼ
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Քանատա – Զիմպապուէյ (Զ. խմբակ) 3-1
Միացեալ Նահանգներ – Ֆրանսա (Է. խմբակ) 1-0
Աւստրալիա – Գերմանիա (Զ. խմբակ) 2-2
Չինաստան – Հարաւային Ափրիկէ (Ե. խմբակ) 2-0
Նոր Զելանտա – Քոլոմպիա (Է. խմբակ) 1-0
ՎՈԼԻՊՈԼ
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Հարաւային Քորէա – Ճափոն 3-1
Չինաստան – Հոլանտա 3-2
Պրազիլ – Քամերուն 3-0
Միացեալ Նահանգներ – Փորթօ Ռիքօ 3-0
Ռուսիա – Արժանթին 3-0
ՀԵՆՏՊՈԼ
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Պրազիլ – Նորվեկիա 31-28
Ֆրանսա – Հոլանտա 18-14
Պրազիլ – Նորվեկիա 31-28
Ֆրանսա – Հոլանտա 18-14
Ռուսիա – Հարաւային Քորէա 30-25
Սպանիա – Մոնթենեկրօ 25-19