Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ Փորթուգալ – Ֆրանսա Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, նախորդ շաբաթավերջին առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ իր փորձերուն:
«Մարքա» կը հաղորդէ, որ փորթուգալցին նախատեսուածէն երեք օր առաջ վերադարձաւ իր փորձերուն:
Նշենք, որ ըստ սպանական մամուլին, Ռոնալտօ Ռէալ Սոսիետատի դէմ կատարուելիք «Լա լիկա»-ի բացման մրցումին պիտի չկարենայ մասնակցիլ: