
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Փոլ Փոկպա երէկ պաշտօնապէս դարձաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի ֆութպոլիստ` լքելէ ետք իր ակումբը` ախոյեան Եուվենթուսը:
23 տարեկան Փոկպա, որ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, շատ հաւանական է, որ յաւելեալ տարի մը եւս ստորագրէ Մանչեսթըրի տոմարներուն վրայ:
Անոր փոխանցման համար Մանչեսթըր Եունայթըտ 105 միլիոն եւրօ վճարելով հաստատեց աշխարհի նոր մրցանիշ մը` մարզիկներու փոխանցման իմաստով:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Կերըթ Պէյլի, որուն փոխանցման համար Ռէալ Մատրիտ 2013-ին Թոթենհամին վճարած էր 100 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ ան Եուվենթուսի հետ 134 մրցումի ընթացքին նշանակած է 34 կոլ:
Այսպիսով, Փոկպա երկրորդ անգամ ըլլալով պիտի տեսնուի «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ` նկատի ունենալով, որ ան 2013-ին Եունայթըտէն միացած էր Եուվենթուսի:


