Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն հետզհետէ սկսաւ աւելնալ մասնակցող երկիրներուն տիրացած ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներուն գումարը:
Արդարեւ, չորս երկիրներ` Միացեալ Նահանգներ, Իտալիա, Չինաստան եւ Աւստրալիա, մինչեւ երէկ գիշեր, տիրացած էին 3-ական ոսկի մետալի` շարք մը արծաթ եւ պրոնզ մետալներու կողքին:

Յիշատակելի եղաւ Միացեալ Նահանգներու կազմին մէջ եղող Մայքըլ Ֆելփսի տիրացած ոսկի մետալը` ազատ լողի 4×100 մեթրի մրցումներուն: Ան իր խմբակիցներուն հետ արձանագրեց 3′ 09″ 92 արդիւնք մը:
Այսպիսով, ան դարձաւ պատմութեան առաջին մարզիկը, որ ողիմպիականներուն կը տիրանայ 19 ոսկի մետալի:

Թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող սերպ Նովաք Ճոքովիչ հրաժեշտ տուաւ խաղերուն, երբ 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով պարտուեցաւ Մարթին Տել Փոթրոյէն:
Բազմաթիւ տիտղոսներու տիրացած Ճոքովիչ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին միայն ողիմպիականի ոսկի մետալին չէ կրցած տիրանալ:
Ողիմպիական խաղերուն առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերող Քոսովոյի հաւաքականը Ռիոյի մէջ տիրացաւ իր առաջին ոսկի մետալին:

Ժիւտոյի աղջկանց մրցաշարքի 52 քկ դասակարգին մէջ, Մայլինտա Քելմենտի աւարտականին յաղթեց իտալացի Օտեթէ Ճուֆրիտային:
2012-ի ողիմպիականին Քելմենտի հանդէս եկաւ Ալպանիոյ հետ:
Նշենք, որ ան աշխարհի կրկնակի ախոյեան է:

Իր կարգին, շուէտացի Սարա Սիժոսթրոմ յաջողեցաւ ոչ միայն ոսկի մետալին տիրանալ, այլեւ ողիմպիական նոր մրցանիշ մը հաստատել, երբ աղջկանց 100 մեթր թիթեռնիկի լողի մրցումներուն արձանագրեց` 55″ 84 արդիւնք մը:
Նշենք, որ ան 2009-ին աշխարհի չորս մրցանիշ հաստատած էր, բայց նախորդ ողիմպիականին զիջած էր ամերիկացի Տանա Ուոլմերին:


