Ա. Սէ. Միլանի սեփականատէր Սիլվիօ Պերլուսքոնի իր ակումբը ծախեց չին ներդրողներուն, այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Նաեւ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ բաժնետոմսերուն 99,93 տոկոսը այժմ չինացիներուն սեփականութիւնն է:
Ա. Սէ. Միլանի արժէքը կը գնահատուի 740 միլիոն եւրոյով, ներառեալ անոր ունեցած պարտքը, որ կը կազմէ 220 միլիոն եւրօ:
Ըստ կնքուած պայմանագիրին, չինացիները երեք տարեշրջանի ընթացքին շուրջ 350 միլիոն եւրոյի ներդրում պիտի կատարեն ակումբին մէջ: