31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն երկրորդ օրը մրցումներ կատարեցին եւ իրենց ելոյթներուն սկսան կին մարմնամարզիկները, ոմանք` բազմամարտի մրցումներով:
Ռուսիան ներկայացնող եւ անոր դրօշին տակ հանդէս եկող Սեդա Թութխալեան ազատ փորձերու ընթացքին իր ելոյթը կատարեց Արա Գէորգեանի «Արցախ» երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: