ArmSport.am մարզական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Փիւնիկի խմբապետ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Դաւիթ Մանոյեան եւս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Կիպրոսի մէջ, ուր ելոյթ պիտի ունենայ Քարմիոթիսա խումբին հետ, ուր արդէն իսկ հանդէս կու գայ նաեւ Փիւնիկի նախկին յետսապահ Տարօն Ոսկանեան:
Կիպրոսի ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանը կը սկսի 20 օգոստոսին:
Քարմիոթիսայի առաջին հանգրուանի մրցակիցն է Արիս: