Նախորդ շաբաթավերջին Բանանցի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Արարատ-73-ի նախկին ֆութպոլի աստղ եւ խմբապետ Յովհաննէս Զանազանեանի արձանին բացման հանդիսութիւնը:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան, Զանազանեանի ընտանիքին անդամները, ինչպէս նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:
Իր խօսքին մէջ, Յովհաննէս Զանազանեանին զաւակը շնորհակալութիւն յայտնեց ճարտարապետին, Բանանցի պատասխանատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին արձանին կառուցման: