Յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Պայէրն Միւնիխ նախորդ շաբաթավերջին ներկայացուց իր երկու նորեկ մարզիկները` յետսապահ Մաթց Հիւմելսը եւ միջնապահ Ռենաթօ Սանչեսը:
Նշենք, որ Պայէրն Հիւմելսի փոխանցման համար անոր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտին վճարեց 38 միլիոն եւրօ, մինչ Պենֆիքայէն Սանչեսի փոխանցումը Գերմանիոյ ախոյեանին արժեց 35 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ Հիւմելս իր պաշտօնական առաջին մրցումը պիտի կատարէ նոյնինքն իր նախկին ակումբին դէմ, Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ: