Մարզական

Ֆելփսի 22-րդ Ոսկի Մետալը

Ռիոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն տղոց լողարշաւի 200 մեթրի մրցումներուն առաջին դիրքը գրաւեց եւ ոսկի մետալին տիրացաւ ամերիկացի Մայքըլ Ֆելփսը, որ արձանագրեց 1' 54" 66 արդիւնք մը: Ամերիկացին այսպիսով ընթացիկ ողիմպիական խաղերուն տիրացաւ իր 4-րդ ոսկի մետալին, իսկ 22-րդը` ողիմպիականի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ճափոնցի Քոսուքէ Հակինօ (1' 56" 61), իսկ երրորդ դիրքը` չին Վան Շու...

«Փրեմիեր-Լիկ». Այսօր Կը Սկսի 2016-2017 Տարեշրջանը

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը կը սկսի այսօր, Հալ Սիթի - Լայսթըր Սիթի բացման մրցումով: Վաղը տեղի կ՛ունենայ Արսենալ - Լիվըրփուլ զօրաւոր ճակատումը, մինչ Ա. հանգրուանը կ՛աւարտի երկուշաբթի, 15 օգոստոսին: Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԺԱՄ Հալ Սիթի - Լայսթըր Սիթի 14:30 Պըրնլի - Սուանզի Սիթի 17:00 Քրիսթալ Փալաս - Ուեսթ Պրոմուիչ 17:00 Էվըրթըն -...

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Հաւաքականը Մնաց 102-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՖԱ-ն երէկ հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 348 կէտ, մնաց 102-րդ դիրքին վրայ: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Արժանթին (1585 կէտ), 2-րդ դիրքին վրայ` Պելճիքա (1401), իսկ 3-րդ դիրքին վրայ` աշխարհի ախոյեան Գերմանիա (1319):

Մետալի Իսկական Թեկնածու Կարապետեան Վիրաւորուելով Լքեց Պայքարը

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան վնասուածք ստացաւ Ռիոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն ընթացքին: 77 քկ դասակարգին մասնակցող հայրենի ծանրաբարձը առաջին հանգրուանին բարձրացնելով 174 քկ, զիջած էր միայն չին Սիաճուն Լյուին, որ աշխարհի մրցանիշ հաստատած էր (177 քկ): Ապա 2-րդ հանգրուանին, 20 տարեկան Կարապետեան 195 քկ բարձրացնելու ընթացքին ծանրօրէն վնասած էր իր արմուկը: Դժբախտաբար ասիկա պատճառ դարձաւ, որ մետալի...

Նախագահ Սարգսեան Մեկնեցաւ Ռիօ Տը Ժանէյրօ

Լուսանկարը` PANORAMA.AM-ի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մեկնեցաւ Ռիօ տը Ժանէյրօ: Պրազիլ մեկնելով` նախագահ Սարգսեան իր զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի մարզիկներուն: Իր այս այցելութեան ընթացքին նախագահը ներկայ պիտի գտնուի մայրաքաղաք Պրազիլիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան: Նախատեսուած են նաեւ նախագահի պաշտօնական հանդիպումները` Պրազիլի կարգ մը ղեկավարներուն հետ:

Վահան Մխիթարեան Գրաւեց 47-րդ Դիրքը

Ռիօ տը Ժանէյրոյի ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան Հայաստանի դրօշակակիր Վահան Մխիթարեան երէկ իր մասնակցութիւնը բերաւ լողարշաւի 50 մեթր ազատ ոճի մրցումներուն: Ան արձանագրելով 23" 50 արդիւնք մը, իր խմբակն մէջ (6-րդ) գրաւեց 7-րդ դիրքը` 8 լողորդներու մէջ: Ընդհանուր պայքարին մէջ ան 85 լողորդներուն մէջ գրաւեց 47-րդ դիրքը: Յաջորդ հանգրուան անցան 1-էն 16-րդ դիրքը գրաւողները:

Վլատիմիր Մարգարեան Եւս Լքեց Պայքարը

Ռիոյի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի մրցումները բախտաբեր չեղան Հայաստանի ներկայացուցիչին` Վլատիմիր Մարգարեանի համար, որ վիրաւորուելով վաղաժամ աւարտեց 1-8-րդ հանգրուանի իր մենամարտը: Ամառնային այս խաղերուն, 69 քկ դասակարգին մէջ, ողմիպիականի քառորդ աւարտականի տոմս մը ապահովելու համար Մարգարեան կը պայքարէր քուպացի Ռոնիել Իկլեսիասի դէմ, որ ողիմպիականի նախկին ախոյեանն էր: Առաջին ռաունտին Մարգարեան, որ աչքէն վնասուածք ստացաւ, թէեւ արիւնլուայ վիճակի մէջ կրցաւ շարունակել...

Նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան Եւս Մեկնեցաւ Պրազիլ

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան եւս մեկնեցաւ Ռիօ տը Ժանէյրօ` աջակցելու համար ողիմպիական խաղերուն մասնակցող հայրենի մարզիկներուն: Ան Պրազիլ մեկնեցաւ Հայաստանի ազատ ոճի ողիմպիականի հաւաքականին հետ: Նախարար Ղազարեան Ռիօ տը Ժանէյրօ պիտի մնայ մինչեւ ողիմպիական խաղերուն փակումը:

Միացեալ Նահանգներ` Առաջին Դիրքին Վրայ. Թենիսի Եւ Ֆութպոլի Մրցումները Հասան Քառորդ Աւարտական

Միացեալ Նահանգներ` Առաջին Դիրքին Վրայ. Թենիսի Եւ Ֆութպոլի Մրցումները Հասան Քառորդ Աւարտական

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող 2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն, տղոց թենիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ ապահովեց քառորդ աւարտականին իր տոմսը` 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք ֆրանսացի Ժիլ Սիմոնին: Անոր յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ պրազիլցի Թոմաս Պելուչի: Քառորդ աւարտական հասան նաեւ արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրօ եւ սպանացի Ռոպերթօ Պաութիսթա: Անոնց միացան նաեւ անգլիացի Էնտի Միւրէյ եւ...

Աւդալեան. «Ոչինչի Համար Կ՛ափսոսամ. Կատարեցի Այն, Ինչ Որ Կրնայի Ընել»

Ռիօ-2016-ի աղջկանց 69 քկ դասակարգի ծանրաբարձութեան մրցումներուն 5-րդ դիրքը գրաւած Նազիկ Աւդալեան իր ունեցած ելոյթին մասին խօսելով ըսաւ. «Մէկ տարի առաջ, ես ինձմէ աւելի մեծ ակնկալիքներ ունէի: Կը կարծէի, որ կը հասնիմ իմ նախկին քիլոկրամներու մրցումներուն, սակայն չնախատեսուած վնասուածքներ եղան, որոնք խանգարեցին իմ փորձերս: Ոչինչի համար կ՛ամփսոսամ, որովհետեւ ամէն ճիգ ի գործ դրի եւ կատարեցի այն, ինչ որ կրնայի ընել:...

Ժան Համմամ Պատուեց Դեսպան Զիատ Իթանին

Ժան Համմամ Պատուեց Դեսպան Զիատ Իթանին

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ յատուկ ընթրիքի երեկոյով մը պատուեց Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ Լիբանանի դեսպան Զիատ Իթանին` ներկայութեամբ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան: Համմամ յատուկ կերպով անդրադարձաւ դեսպանին տարած աշխատանքին, մանաւանդ նկատի ունենալով անոր ունեցած կարեւոր դերը` լիբանանեան պատուիրակութեան բոլոր պէտքերուն հոգալու իմաստով եւ անոր նեցուկ կանգնելու աշխատանքին մէջ: Դեսպան Իթանի ըսաւ, որ բոլորին ալ պարտականութիւնն է...

Պաչքովի, Աւագեանի Եւ Մարգարեանի Յաղթական Սկիզբը

Պաչքովի, Աւագեանի Եւ Մարգարեանի Յաղթական Սկիզբը

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին` Ռիոյի մէջ տեղի ունեցող 2016-ի ամառնային 21-րդ ողիմպիական խաղերուն հինգերորդ օրը, մրցասպարէզ դուրս եկան Հայաստանի 4 ներկայացուցիչներ: Տղոց կռփամարտի 64 քկ դասակարգին մէջ, Յովհաննէս Պաչքով (23 տարեկան) զտումի մրցումներուն ընթացքին 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք վենեզուելացի իր մրցակիցին` Լուիս Մարթին Արքոնին, ապահովեց 1-8-րդ հանգրուանի իր տոմսը, ուր կը ճակատի չին Քիանսուն Հուի հետ, 14 օգոստոսին: Ան թէեւ...

17 Տարեկան Սեդա Թութխալեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Ռուսիոյ հաւաքականի անդամ, 17 տարեկան Սեդա Թութխալեան երէկ իր խմբակիցներուն հետ, Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն հանդիսացաւ փոխախոյեան` մարմնամարզութեան խմբային մրցումներուն ընթացքին: Միացեալ Նահանգներ տիրացան ոսկի մետալին, մինչ Չինաստան` պրոնզ մետալին: Սեդա Թութխալեան ծնած է Գիւմրիի մէջ եւ աշխարհի սամպոյի եռակի ախոյեան Գուրգէն Թութխալեանի դուստրն է: 1999-ին ան իր ընտանիքին անդամներուն հետ տեղափոխուած է Մոսկուա:

Քանսելլարա Տիրացաւ Ոսկի Մետալին

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող 2016-ի ողիմպիական հեծելարշաւի մրցումներուն գծով, երէկ զուիցերիացի Ֆապիան Քանսելլարա տիրացաւ ժամացոյցի դէմ (54,6 քմ) անհատական մրցումին ոսկի մետալին, երբ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 12' 15" 42 արդիւնք մը: Ան 47" 41-ով գերազանցեց Թոմ Տիւմուլենը (Հոլանտա), որ տիրացաւ արծաթ մետալին: Երեք անգամ «Թուր տը Ֆրանս»-ի ախոյեան հանդիսացած անգլիացի Քրիս Ֆրում հանդիսացաւ երրորդ` ժամանման...

Մայքըլ Ֆելփս` Ողիմպիականի 21-Ակի Ախոյեան

Միացեալ Նահանգներու կազմը տղոց 4x200 մեթր լողարշաւի մրցումներուն տիրացաւ Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի ոսկի մետալին: Ամերիկացիք արձանագրեցին 7' 00" 66 արդիւնք մը, իրենց ետին ձգելով Անգլիան եւ Ճափոնը, որոնք գրաւեցին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը: Այս խաղերուն Միացեալ Նահանգներու յառաջատար լողորդ Մայքըլ Ֆելփս տիրացաւ ողիմպիականի իր 21-րդ ոսկի մետալին:

Սերենա Ուիլիըմզ Դուրս Մնաց Ողիմպիական Խաղերէն

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ամառնային ողիմպիականի խաղերուն թենիսի մրցաշարքին ծիրին մէջ, տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն նկատուող եւ աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, Գ. հանգրուանին անակնկալ պարտութիւն մը կրելով (6-4 եւ 6-3) ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինայէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Ուքրանացին քառորդ աւարտականին պիտի մրցի չեխ Փեթրա Քվիթովայի դէմ:

Քանատա Եւ Գերմանիա Հասան Քառորդ Աւարտական

Քանատայի յաղթական մարզիկները Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Քանատա 2-1 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Գերմանիոյ դէմ (Զ. խմբակ): Անոնք երկուքն ալ այսպիսով ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: Թէեւ Աւստրալիա 6-1 արդիւնքով յաղթեց Զիմպապուէյին եւ գրաւեց երրորդ դիրքը,...

Հուրի Գեբեշեան Արժանացաւ Բոլորին Գնահատանքին

27 տարեկան ամերիկահայ մարզիկ Հուրի Գեբեշեան թէեւ չյաջողեցաւ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն աւարտական հանգրուան հասնիլ, բայց եւ այնպէս, գրաւեց թէ՛ հանդիսատեսներուն եւ թէ՛ ալ դատական կազմին յատուկ ուշադրութիւնը: Յամենայն դէպս, ան պատմութեան մէջ արձանագրեց իր անունը` նկատի ունենալով, որ ողիմպիական խաղերուն աղջկանց մարմնամարզութեան մարզաձեւին մէջ առաջին անգամ Հայաստանը ներկայացուց: Թէեւ ան առաջին 24-ին մէջ դիրք մը չկրցաւ ապահովել, բայց իր ուրոյն...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Ռէալ Մատրիտ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Գերբաժակակիր

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակակիր հանդիսացաւ Ռէալ Մատրիտ, որ զուտ սպանական ճակատումին երկարաձգումէն ետք յաղթեց Սեւիլլայի` 3-2 արդիւնքով: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, երբ Մարքօ Ասենսիօ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (21-րդ), մինչ Ֆրանքօ Վասքուես` Սեւիլլայի հաւասարութեան կոլը (41-րդ): 72-րդ վայրկեանին Քոնոփլիանքա նշանակեց Սեւիլլայի երկրորդ կոլը, բայց մրցումին վերջին վայրկեանին Սերճիօ Ռամոսի նշանակած կոլը պատճառ դարձաւ, որ մրցումը երթայ դէպի երկարաձգում:...

Page 1076 of 1276 1 … 1,075 1,076 1,077 … 1,276

Արխիւներ