Նէօյըր` Գերմանիոյ Ֆութպոլին Նոր Խմբապետը
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն տեղեկացուց, որ երկրին ազգային խումբի նոր խմբապետ նշանակուեցաւ Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր: Գերմանիոյ մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ յայտարարեց, որ անոր նշանակումը պատահական չէ, որովհետեւ ան յարգուած է իր խմբակիցներէն եւ այդ պաշտօնին յարմարագոյն անձն է: Տաւիտ Լուիզ 3 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Չելսիի Հետ Պրազիլցի յետսապահ Տաւիտ Լուիզ (29 տարեկան) իր ակումբը` Փարիզ Սեն...








