
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն տեղեկացուց, որ երկրին ազգային խումբի նոր խմբապետ նշանակուեցաւ Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր:
Գերմանիոյ մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ յայտարարեց, որ անոր նշանակումը պատահական չէ, որովհետեւ ան յարգուած է իր խմբակիցներէն եւ այդ պաշտօնին յարմարագոյն անձն է:
Տաւիտ Լուիզ 3 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը
Ստորագրեց Չելսիի Հետ
Պրազիլցի յետսապահ Տաւիտ Լուիզ (29 տարեկան) իր ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմենը լքելով միացաւ անգլիական Չելսիին, որուն հետ ստորագրեց 3 տարուան պայմանագրութիւն մը, յայտնեց լոնտոնեան ակումբին պաշտօնական կայքը` մարզիկներու ամառնային փոխանցման սակարանին փակումէն օր մը առաջ:
Նշենք, որ ան նախապէս, արդէն իսկ ելոյթ ունեցած էր Չելսիի հետ:


