Ֆրանսական Նիս ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ իտալացի միջազգային մարզիկ Մարիօ Պալոթելլի ազատ փոխանցումով մը միացաւ կազմին` լքելէ ետք իր ակումբը` Լիվըրփուլը:
26 տարեկան Պալոթելլիի Նիս փոխանցումը տեղի ունեցաւ մարզիկներու ամառնային փոխանցման վերջին օրը:
Պալոթելլի, որ 2014-ին Ա. Սէ. Միլանէն միացաւ անգլիական ակումբին, երբեք չկրցաւ տպաւորել իր շուրջինները` «Էնֆիլտ»-ի մէջ իր խաղարկութեամբ: