Մարզական

Միջազգային Ֆութպոլ.  Չեխիա – Հայաստան` 3-0

Միջազգային Ֆութպոլ. Չեխիա – Հայաստան` 3-0

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ գիշեր Հայաստանի ազգային հաւաքականը հիւրը եղաւ Չեխիոյ: Թէեւ այս մրցումը բարեկամական հանդիպում մըն էր, սակայն անիկա կարեւոր էր այն իմաստով, որ տեղի կ՛ունենար Դանիոյ դէմ կատարուելիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին նախօրեակին: Սակայն դժբախտաբար Վարուժան Սուքիասեանի կազմը մտահոգիչ պարտութեամբ մը աւարտեց այս հանդիպումը` 3-0 արդիւնքով: Հիւրընկալ կազմին երեք անպատասխան կոլերը նշանակեցին Լատիսլաւ Քրեժսի (4-րդ),...

Ըմբշամարտ. Սերկէյ Սիմոնեան Աշխարհի Պրոնզէ Մետալակիր

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերկէյ Սիմոնեան 50 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալին` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ատիլեթ Թաալայիպեքովի (Խըրխըզիստան): Հայրենի ըմբիշը կիսաւարտականին իր կատարած ճակատումին 8-4 արդիւնքով պարտուեցաւ ռուս Վլատիսլաւ Մելնիքովէն: Նշենք, որ ախոյեանութեան առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան նաեւ Գէորգ Խումարեան (60 քկ) եւ Արման Բաղդասարեան (74 քկ), հաղորդեց Հայաստանի...

Կիրակի, 2 Հոկտեմբերին. Մարզական Օր` «Ժըպրան Թուէյնի» Հաստատութեան Կազմակերպութեամբ

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` կիրակի, 2 հոկտեմբերին «Ժըպրան Թուէյնի» հաստատութիւնը կը կազմակերպէ մարզական օր: Տեղի պիտի ունենան տարբեր տեսակի մարզական իրադարձութիւններ, որոնց կարգին` հեծելարշաւի մրցում եւ ինքնաշարժի ցուցադրական ներկայացում (Ապտօ Ֆըղալիի կողմէ) պիտի ներկայացուին նաեւ փոքրիկներու յատուկ խաղեր, պարեր եւ երգեր` արուեստագէտներու եւ պարախումբերու կողմէ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ տեսակի իւրայատուկ խաղեր եւ մարզանքներ: Առաւօտուն հաւաքը տեղի պիտի ունենայ ժամը...

Ճատրակ. Յովհաննէս Գաբուզեան Եւ Յովիկ Հայրապետեան` Միջազգային Մրցաշարքի Մետալակիրներ

Իրանի Համատան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի 13-րդ միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները: Կրանտմասթըրներ Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Յովիկ Հայրապետեան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը: Տիտղոսին տիրացաւ Լաթվիան ներկայացնող կրանտմասթըր Ալեքսէյ Շիրով, որ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7 կէտ: Հայրենի ճատրակ խաղացողները կէսական կէտով միայն ետ մնացին տիտղոսակիրէն, լուրը կ՛եզրափակէ News.amSport:

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Կարէն Խաչանով Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին յաղթելէ ետք իտալացի Թոմաս Ֆապիանոյի` 6-3, 6-3, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով: Բ. հանգրուանին Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ ճափոնցի Քէյ Նիշիքորի (6-րդ), որ իր յաղթանակը արձանագրեց գերմանացի...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Քարլովիչ Էյսերու Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Իվօ Քարլովիչ Խրուաթ Իվօ Քարլովիչ երէկ «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին իր կատարած 61 էյսերուն շնորհիւ այս մրցաշարքին գծով նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ շրջանցեց Ա. հանգրուանը Լիւ Եէն-Հսիւնի դէմ (Թայուան) իր արձանագրած 4-6, 7-6, 6-7, 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակին շնորհիւ: 37 տարեկան Քարլովիչ այսպիսով կտրեց հոլանտացի Ռիչըրտ Քրայչեքի հաստատած մրցանիշը, որ 1999-ին քառորդ աւարտականի...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Ա. Հանգրուանին Արձանագրուած Կարեւորագոյն Մրցումներուն Արդիւնքները

Թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին երկրորդ օրը, Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ արձանագրուեցան հետեւեալ կարեւորագոյն արդիւնքները. ՏՂԱՔ Էնտի Միւրէյ (Անգլիա, 2-րդ) - Լուքաս Ռոսոլ (Չեխիա) 6-3, 6-2 եւ 6-2: Ճերըտ Տոնալսոն (Միացեալ Նահանգներ) - Տաւիտ Կոֆին (Պելճիքա, 12-րդ) 4-6, 7-5, 6-4 եւ 6-0: Սթանիսլաւ Վաւրինքա (Զուիցերիա, 3-րդ) - Ֆեռնանտօ Վերտասքօ (Սպանիա) 7-6, 6-4 եւ 6-4: Տաւիտ...

Տիգրան Գէորգ Մարտիրոսեան Որակազրկուեցաւ Եւ Պէտք Է Վերադարձնէ Փեքինի Ողիմպիականին Իր Տիրացած Պրոնզ Մետալը

Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը նախորդ յուլիսի սկիզբը հրապարակեց անունները երեք ծանրաբարձներու, որոնց 2008-ին գործածած խթանիչ դեղերուն քննութիւնները տուած են դրական արդիւնք` վերստուգումէն ետք: Անոնց կարգին է նաեւ Փեքինի ողիմպիականի խաղերու պրոնզէ մետալակիր Տիգրան Գէորգ Մարտիրոսեան, որ իր մետալին տիրացած էր 69 քկ դասակարգին մէջ: Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ան ամէնէն արագ միջոցին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի պէտք է վերադարձնէ իր այդ մետալը:...

Արտակ Օսէեան` Փիւնիկի Գլխաւոր Մարզիչ

Փիւնիկ Երեւանի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Արտակ Օսէեան նշանակուեցաւ իբրեւ ակումբին գլխաւոր մարզիչը: Նախկին գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեանի հեռանալէն ետք, Օսէեան նշանակուած էր գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Փիւնիկ իր տրամադրութեան տակ ունենալով միայն 4 կէտ (առաւելագոյն 12-էն), կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրքը:

2024-Ի Ողիմպիական. Հռոմ Յետս Կոչեց Իր Առաջադրած Թեկնածութիւնը

Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմ 2024-ի ամառնային ողիմպիականի խաղերը հիւրընկալելու բախտը պիտի չունենայ` նկատի ունենալով, որ անիկա յետս կոչեց իր առաջադրած թեկնածութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ insidethegames: 2 ամիս առաջ ընտրուած քաղաքապետ Վիրժինիա Ռաճի նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին յայտարարած էր, որ Հռոմ պէտք է կեդրոնանայ նիւթական եւ տնտեսական խնդիրներու լուծման վրայ, եւ որ ողիմպիականի խաղերու ժամանակը չէ: Այսպիսով այդ խաղերը հիւրընկալելու թեկնածու կը...

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ակադեմիան` Կիպրոսի Մէջ

Երէկ` երեքշաբթի, 30 օգոստոսին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Կիպրոս մեկնեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիան, հոն վեցօրեայ բանակում մը կատարելու համար: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ են 16 պատանի ֆութպոլիստներ, որոնք հոն պիտի կատարեն փորձեր, անոնց պիտի տրուին յատուկ դասախօսութիւններ` ֆութպոլի մասին աւելի հարուստ տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու համար: Կիպրոսի մէջ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային մարզիկները պիտի կատարեն բարեկամական 2 մրցում. առաջինը` ՀՄԸՄ-Այմային դէմ, իսկ երկրորդը`...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Հասաւ Չեխիա

Երէկ առաւօտեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հասաւ Չեխիա բարեկամական մրցում մը ունենալու դաշտին տիրոջ դէմ, այսօր` ժամը 20:15-ին (Լիբանանի ժամանակացոյցով): Նախապէս նկատի առնուած Լեւոն Հայրապետեան դուրս մնաց կազմէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Հաւաքականին հետ Չեխիա չմեկնեցան նաեւ միջնապահ Պետրոս Աւետիսեան եւ Վարդան Պօղոսեան: Ստորեւ` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած կազմը, որ մեկնեցաւ Չեխիա. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Արսէն Բեգլարեան (Ալաշկերտ), Անաթոլի Այվազով (Շիրակ) եւ...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստան – Ազրպէյճան` 8-0

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերգէյ Սիմոնեան 50 քկ դասակարգի մրցումներուն 8-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց ազերի Զիատ Զէյնալովի դէմ: Քառորդ աւարտականին Սիմոնեան յաղթեց իտալացի Ճիովանի Ֆրենիին, մինչ կիսաւարտականին պարտուեցաւ Վլատիսլաւ Մելնիքովէն (Ռուսիա): Պրոնզ մետալին տիրանալու համար հայրենի ըմբիշը պէտք է, որ յաղթէ Ատիլեթ Տաալայիպեքովի (Խըրխըզիստան):  

Անդրանիկ Կարապետեան Ենթարկուեցաւ Յաջող Վիրաբուժութեան

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ, Եւրոպայի ախոյեան Անդրանիկ Կարապետեանի Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) կատարուած վիրաբուժութիւնը շատ յաջող եղած է: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Յայտնած էինք, որ 31-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն ընթացքին Կարապետեան վնասուածքի պատճառով չկրցաւ իր ելոյթները շարունակել: Նշենք, որ ան 2016-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան հանդիսացաւ ախոյեան, իսկ աշխարհի ախոյեանութեան` պրոնզէ մետալակիր:  

Վահան Բիչախչեան Դարձեա՛լ Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին

Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը 30 օգոստոսէն 2 սեպտեմբեր պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը, որմէ ետք, 3-7 սեպտեմբերին, պիտի մեկնի Մոլտովա, ուր պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում, դաշտին տէր եղող իր հասակակիցներուն դէմ: Շիրակի յառաջապահ` Վահան Բիչախչեան դարձեալ հրաւիրուեցաւ 19 տարեկան հաւաքական խումբին հետ մեկնելու համար Մոլտովա: Այս մասին յայտնեց Շիրակի պաշտօնական կայքը:

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Առաջին Մրցակիցը` Լուէյզի Զուք Մոսպեհ

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց Լիբանանի ֆութսալի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի մրցումներուն յայտագիրը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին, տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 24 սեպտեմբերին ժամը 20:00-ին, Սեն Ժոզեֆի դաշտին վրայ` ճակատելով Լուէյզի Զուք Մոսպեհի դէմ: Նշենք, որ Ա. հանգրուանը կը սկսի ուրբաթ, 23 սեպտեմբերին:

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Ողիմպիականի Ախոյեանը Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Ողիմպիականի Ախոյեանը Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Նովաք Ճոքովիչ Միացեալ Նահանգներու մէջ ընթացք առաւ թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի մրցաշարքը` տղոց եւ աղջկանց Ա. հանգրուանի բազմաթիւ ճակատումներով: Մոնիքա Փուիկ Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերուն, աղջկանց թենիսի մրցաշարքին տիտղոսին տիրացած, փորթօ ռիքոցի Մոնիքա Փուիկ (դասուած 32-րդ` այս մրցաշարքին), 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Զհեկ Սայսայէն (Չինաստան), կանուխ մեկնեցաւ հայրենիք: Տղոց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող...

Ճատրակ. Մամիկոն Ղարիբեան Եւ Մանուէլ Պետրոսեան` Եւրոպայի Ախոյեաններ

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ աւարտած Եւրոպայի ճատրակի տարբեր տարիքային խումբերու պատանեկան ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչներ` Մամիկոն Ղարիբեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան տիրացան ոսկի մետալներու: «Նիուզ»-ի համաձայն, 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Ղարիբեան, առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Իսկ Պետրոսեան, 7,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 18 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան: 8 տարեկանէն վար Ռուտոլֆ Փաշիկեան 7 կէտով բաժնեց 2-8 դիրքը,...

Հայոց Աստղը

Հենրիխ Մխիթարեան, երբ գերմանական Պորուսիա Տորթմունտէն միացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին, բազմահազար հայեր անցկութեամբ կը սպասէին, թէ ե՞րբ պիտի խաղայ եւ ի՞նչ տպաւորութիւն պիտի ձգէ մեր հայրենակիցը Անգլիոյ դժուարահաճ ֆութպոլասէրներու, Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրներու եւ մանաւանդ ֆութպոլի մրցումներու անգլիացի մեկնաբաններու շրջանակներուն մէջ: Որոշ թիւով հայեր դժգոհութիւն յայտնեցին, որ մեր աստղը առաջին խաղերուն միայն իբրեւ փոխարինող դաշտ կը ներկայանայ եւ կարճ ժամանակով կը...

Page 1069 of 1276 1 … 1,068 1,069 1,070 … 1,276

Արխիւներ