
Յատուկ բանակումի համար Կիպրոս գտնուող ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային կրտսեր ֆութպոլիստները երէկ յատուկ փորձեր կատարեցին «Ճի. Էս. Փի.» մարզադաշտին վրայ, ուր տեղի կ՛ունենան երկրին ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները, ինչպէս նաեւ անոր ազգային խումբին միջազգային մրցումները:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ այդ փորձերը ձգեցին դրական տպաւորութիւն, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք անոր միջազգային մարզադաշտ ըլլալը:

Ապա անոնք յատուկ դասախօսութեան մը ներկայ գտնուելով ֆութպոլի գծով ստացան մանրամասն տեղեկութիւններ` քայլ պահելով միջազգային զարգացումներուն հետ:


