Երէկ` կիրակի, 4 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Կիպրոսէն Պէյրութ վերադարձան ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիային մարզիկները, այդտեղ մէկ շաբաթ յատուկ բանակում մը կատարելէ ետք:
Պէտք է ըսել, որ այս յատուկ բանակումը տուաւ իր դրական արդիւնքը` նկատի ունենալով, որ այդ կրտսեր եւ փոքր ֆութպոլիստներուն համար անիկա եղաւ միջազգային փորձառութեան իմաստով կարեւոր եւ նշանակալից իրագործում մը:
Անոնք Կիպրոսի մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ երկու անգամ փորձեր կատարեցին եւ հետեւեցան յատուկ դասախօսութիւններու, որոնցմէ մեծապէս օգտուեցան:
Ապա անոնք տպաւորիչ մրցում մը կատարելով 7-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին ՀՄԸՄ Այմայի դէմ, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին:
Պէտք է ըսել, որ ֆութպոլի ակադեմիային մարզիկները արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը եւ մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգելով վերադարձան Լիբանան: