
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը 3 մրցումով կախակայեց Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերոն, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումին, իր արմուկով հարուածած էր Ուեսթ Համի յետսապահ Ուինսթըն Ռիտին:
Մրցումին գլխաւոր իրաւարարը` Անտրէ Մարինըր, թէեւ այդ պատահարը չէր նկատած, սակայն ֆետերասիոնը, դիտելէ ետք այդ մրցումին տեսերիզը նկատած էր դէպքը:
Կը կարծուի, որ Մանչեսթըր Սիթի պիտի բողոքէ Ակուերոյի նկատմամբ սահմանուած այդ պատիժին դէմ:


