
Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ նախքան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելը, կը փափաքի վերադառնալ իր նախկին ակումբը` Նիւըլզ Օլտ Պոյզ, որուն մաս կազմած է 5 տարի:
Նշենք, որ 29 տարեկան Մեսսի երէկ վերադարձաւ Պարսելոնա` նկատի ունենալով, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Վենեզուելայի դէմ տեղի ունենալիք (2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք) մրցումին:
Արժանթինցին, որ վիրաւորուեցաւ Ուրուկուէյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, շատ հաւանաբար բացակայի նաեւ Ալաւեսի դէմ կատարուելիք (Լա լիկա»-ի մրցումին (10 սեպտեմբեր):


