Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, աշխարհի ախոյեան Գերմանիա հիւրընկալեց Ֆինլանտան եւ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, երբ Բ. կիսախաղին նշանակեց 2 կոլ (55-րդ եւ 77-րդ):
Այս մրցումը գերմանացի 32 տարեկան միջնապահ Պասթիան Շվայնշթայկըրի համար եղաւ վերջինը` իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ: Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Շվայնշթայկըր 68-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով:
2004-էն ի վեր Գերմանիոյ հետ դաշտ ներկայացած Շվայնշթայկըր 120 միջազգային մրցումի ընթացքին նշանակած է 24 կոլ: