Ֆրանսական Մաքոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան իրենց պայքարը աւարտեցին յունահռոմէական ոճի ըմբիշները:
120 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Էդգար Խաչատրեան յաջողեցաւ պրոնզ մետալի մը տիրանալ` յաղթելէ ետք ռուս Նիքոլայ Իզմայլովին:
66 քկ դասակարգին մէջ այս տարուան Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Մալխաս Ամոյեան շատ մօտ էր իր կարգին պրոնզ մետալի մը տիրանալու, բայց ատիկա տեղի չունեցաւ, եւ ան մնաց առանց մետալի:
55 քկ դասակարգին մէջ Էդգար Թամազեան, յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակից Էքրեմ Էօզթիւրքին, հասաւ քառորդ աւարտական, ուր սակայն պարտութիւն կրեց:
Նշենք, որ օր մը առաջ, պրոնզ մետալի տիրացած էր Սերկէյ Սիմոնեան (50 քկ):
Այսօր` շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, պայքարի մէջ կը մտնեն ազատ ոճի ըմբիշները: