
Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Վենեզուելլայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին:
Նշենք, որ Ուրուկուէյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Մեսսի կերտեց իր կազմին յաղթանակը` նշանակելով մրցումին միակ կոլը:


