Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ Մոլտովայի հիւրը եղաւ, այդ երկրին իր հասակակիցներուն հետ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Դաւիթ Պաղտասարեան (57-րդ) եւ Հրաչիկ Գէորգեան (90-րդ):
Վաղը` երեքշաբթի, երկու կազմերը դարձեալ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Մոլտովայի մէջ: