Երէկ` կիրակի, 4 սեպտեմբերին, Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ սկսան 2018-ի մոնտիալի մրցաշարքին զտումի մրցումները, երբ տեղի ունեցան 9 ճակատումներ` երեք խմբակներու մէջ:
Ե. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ կատարեց զտումի իր առաջին մրցումը` Դանիոյ դէմ, 1-0 արդիւնքով պարտութեամբ սկսաւ մրցաշարքը:
Շուրջ 22 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, հիւրընկալ խումբը նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը` շնորհիւ Քրիսթիան Էրիքսընի (17-րդ):
Ան բարեբախտաբար ձախողեցաւ նշանակել իր երկրորդ կոլը (72-րդ), երբ հայրենի բերդապահ Արսէն Բեգլարեան ետ մղեց անոր հարուածած փենալթին:
Ապա ան այս անգամ քորնըր հանեց Փուլսենի հարուածը, որ շարուանկեց փենալթին:
Մրցումին 93-րդ վայրկեանին, օրուան աւստրիացի իրաւարարը` Հերալտ Լեշներ, սուլեց աւարտը, այսպիսով Հայաստան նուազագոյնը հաշուով կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը:
Նշենք, որ մրցումին ներկայ էին շուրջ երկու հարիւր հայրենի համակիրներ, որոնք եկած էին քաջալերելու իրենց կազմը:
Երէկուան այս մրցումին Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Արսէն Բեգլարեան, Գէորգ Յովհաննիսեան, Վարազդատ Հարոյեան, Կայէլ Անտոնեան, Հրայր Մկոյեան, Յովհաննէս Համբարձումեան, Արտակ Եդիգարեան, Գոռ Մալաքեան, Արազ Օզպիլիս, Գեղամ Ղադիմեան եւ Դաւիթ Արշակեան:
Փոխարինողներ` Գէորգ Ղազարեան (41-րդ), Մարքոս Փիցելլի (70-րդ) եւ Դաւիթ Մանոյեան (77-րդ):