Մարզական

2018-ի Մոնտիալ. Հարաւային Ամերիկայի Գօտի Պրազիլ Յաղթեց, Արժանթին Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց

Նիքոլա Օթամենտի` իր նշանակած կոլէն ետք Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին 8-րդ հանգրուանի մրցումները: Պրազիլ, որ մրցեցաւ Քոլոմպիոյ դէմ, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Պրազիլի կոլերը նշանակեցին Միրանտա (2-րդ) եւ Նէյմար (73-րդ), իսկ Մարքինիոս` Քոլոմպիոյ կոլը (35-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ): Սակայն Արժանթին ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը արձանագրեց դասաւորման վերջին դիրքը գրաւող Վենեզուելայի հետ,...

Հիկուային` «Քալչիօ»-ի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստը

Իտալական «լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ» օրաթերթին համաձայն, ներկայիս Եուվենթուսի նորեկ մարզիկ Կոնզալօ Հիկուային «Քալչիօ»-ի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստն է: Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահին տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 7,5 միլիոն եւրօ: Նախապէս ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստն էր Ա. Էս Ռոմայի իտալացի միջնապահ Տանիելէ Տէ Ռոսսի (6,5 միլիոն եւրօ): Իսկ «Քալչիօ»-ի ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիչն է Մասիմիլիանօ Ալլեկրի (Եուվենթուս). տարեկան 5...

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Մարզիչները

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Մարզիչները

«Տը Թելեկրաֆ» պարբերաթերթը հրապարակեց աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլի մարզիչներուն տասնեակը, որուն մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ է Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Եոսիպ Կուարտիոլա: Ստորեւ` այդ տասնեակը. 1.- Եոսիփ Կուարտիոլա (Մանչեսթըր Սիթի) 15,3 միլիոն սթերլինկ 2.- Քարլօ Անչելոթթի (Պայէրն Միւնիխ) 12,6 միլիոն սթերլինկ 3.- Ժոզէ Մուրինիօ (Մանչեսթըր Եունայթըտ) 12,3 միլիոն սթերլինկ 4.- Արսէն Վենկեր (Արսենալ) 8,9 միլիոն սթերլինկ 5.- Լուիս Էնրիքէ (Պարսելոնա)...

Քլաթենպուրկ` Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպիի Մրցումին Իրաւարարը

Իր լուրը քաղելով Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` «Սքայ Սփորթց» կը տեղեկացնէ, որ 10 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Մանչեսթըր Եունայթըտ - Մանչեսթըր Սիթի տերպիի մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ 41 տարեկան միջազգային իրաւարար Մարք Քլաթենպուրկ: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «Փրեմիեր» լիկ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Քլաթենպուրկ վերջին անգամ Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումին իրաւարարը եղած է 2014-2015 տարեշրջանին, երբ...

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Կը Պատրաստուի Միհայիլ Թալի Յուշամրցաշարքին

Հայրենի կրանտմասթըր եւ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան կը պատրաստուի աշխարհի ճատրակի 8-րդ ախոյեան` Միհայիլ Թալի յուշամրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 10 կրանտմասթըրներ: 25 սեպտեմբերէն 6 հոկտեմբեր Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Վլատիմիր Քրամնիք, Փիեթր Սվիտլեր, Եւգենի Թոմաշեւսքի (Ռուսիա), Վիշվանաթան Անանտ (Հնդկաստան), Պորիս Կելֆանտ (Իսրայէլ, մինչ մնացեալ չորսին անունները պիտի յստականան աւելի...

Անդրանիկ Կարապետեան Իր Փորձերուն Կը Սկսի Յառաջիկայ Տարուան Յունուարին

Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի ծանրաբարձ Անդրանիկ Կարապետեան քանի մը օր առաջ Մոսկուայի մէջ վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ անոր ապաքինումի ընթացքին մասին: «Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն օժանդակեց, որ ան վիրաբուժութեան ենթարկուի: Այդ վիրաբուժութիւնը շատ յաջող անցաւ. Աստուած մեր մարզիկին հետ եղաւ: «Յառաջիկայ տարուան յունուարին, ան կը վերսկսի իր փորձերուն:...

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան Կրեց Իր 7-րդ Պարտութիւնը

Երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Հայաստան - Պուլկարիա մրցումը` Ե. խմբակին մէջ: Հայրենի կազմը, որ կատարեց զտումի իր 8-րդ մրցումը, կրեց իր 7-րդ պարտութիւնը` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Եուլիան Նենով` 79-րդ վայրկեանին: Ցարդ առանց յաղթանակի, Հայաստան մնաց դասաւորման 6-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան ունենալով միայն մէկ կէտ:

Թեքուանտօ. Հայաստանի Պատանեկան Հաւաքականը Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի թեքուանտոյի պատանեկան հաւաքականը` մարզիչ Սարգիս Սարգսեանի գլխաւորութեաբ, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 6-11 սեպտեմբերին Պուքրէշի մէջ (Ռումանիա): Հայրենի կազմը Ռումանիա մեկնեցաւ հետեւեալ մարզիկներով. Սարգիս Մուրատեան (37 քկ) Վիաչեսլաւ Աղբալեան (41 քկ), Դաւիթ Թորոսեան (49 քկ), Սարգիս Սարգսեան (53 քկ) եւ Նարեկ Սամուէլեան (57 քկ):

Ռոնալտօ Վերադարձաւ Ընդհանուր Խումբ

Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ վերադարձաւ եւ միացաւ ընդհանուր խումբի իր խմբակիցներուն: Ռոնալտօ, որ վիրաւորուեցաւ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին, շատ հաւանաբար չկարենայ իր մասնակցութիւնը բերել 10 սեպտեմբերին Օսասունայի դէմ տեղի ունենալիք «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին` ամբողջութեամբ ապաքինած չըլլալով: Բայց եւ այնպէս Ռոնալտօ յայտնեց, որ շատ ուրախ է, որ միացաւ արքայական ակումբին իր խմբակիցներուն:

Միհրան Յարութիւնեան Վիրաբուժութեան Պիտի Ենթարկուի Գերմանիոյ Մէջ

Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի փոխախոյեան հանդիսացած Միհրան Յարութիւնեան Գերմանիոյ մէջ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Լուրը հաղորդող News.am-Sport կայքը աւելցուց, որ 27 տարեկան ըմբիշը Պրազիլի մէջ իր ելոյթները ունեցաւ վիրաւոր վիճակի մէջ: Վիրաբուժութեան ծախսերը պիտի հոգայ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն` գլխաւորութեամբ Գագիկ Ծառուկեանի: Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն Միհրան Յարութիւնեան յստակ կողմնակալութեան պատճառով զրկուեցաւ...

Թենիս. Եու. Էս. Օփըն.  Փլիսքովա Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Վինըս Ուիլիըմզը Մինչ Տել Փոթրօ` Թհիեմը

Թենիս. Եու. Էս. Օփըն. Փլիսքովա Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Վինըս Ուիլիըմզը Մինչ Տել Փոթրօ` Թհիեմը

Երէկ` երեքշաբթի, 6 սեպտեմբերին, ամբողջացան «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին տղոց եւ աղջկանց Դ. հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան անունները այն մարզիկներուն, որոնք ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը: Քարոլինա Փլիսքովա 10-րդ դասուած չեխ Քարոլինա Փլիսքովա բաւական տպաւորիչ եւ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 6-րդ դասուած ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզը` երկուքուկէս ժամ անոր...

Մեսսի Հաւանաբար Քանի Մը Ամիսով Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն

Սպանական «Մարքա»-ի համաձայն, Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի շատ հաւանաբար քանի մը ամիսով բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Եթէ պատահի, որ ան վիրաբուժութեան ենթարկուի, ան երկար ժամանակ բացակայ պիտի ըլլայ: Անոր կատարելիք վիրաբուժութեան գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի յստականան յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին, երբ բժիշկները կատարեն յաւելեալ քննութիւններ: Նշենք, որ ան վիրաւորուեցաւ Արժանթին - Ուրուկուէյ մրցումին (2018-ի Մոնտիալի զտում) ընթացքին:

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբիշները Որեւէ Մետալի Չտիրացան

News.am-Sport կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը, որեւէ մետալի չկրցաւ տիրանալ ֆրանսական Մաքոն քաղաքին մէջ աւարտած աշխարհի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան: Հայաստանի հաւաքականին հետ ելոյթ ունեցան Արման Անտոնեան (50 քկ), Մխիթար Գրիգորեան (55 քկ), Յարութիւն Բարսեղեան (60 քկ), Յակոբ Աւետիսեան (66 քկ), Տիգրան Մնացականեան (74 քկ) եւ Սարգիս Յովսէփեան (84 քկ): Նշենք, որ յունահռոմէական ոճի Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականը...

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Լիբանան Յաղթեց Աֆղանիստանին` 2-0 Արդիւնքով

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Լիբանան երէկ Թրիփոլիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Աֆղանիստանը: Երկու խումբերուն համար ալ այս մրցումը պատրաստութիւն էր 2019-ի Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին համար, որ տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ: Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Լիբանանի առաջին կոլը նշանակեց Հասան Սաատ (58-րդ), մինչ երկրորդը` Հասան Մաաթուք, փենալթիով, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ):

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Քերպըր Հասաւ Քառորդ Աւարտական Եւ Կը Մօտենայ Սերենա Ուիլիըմզին

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Քերպըր Հասաւ Քառորդ Աւարտական Եւ Կը Մօտենայ Սերենա Ուիլիըմզին

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ 2-րդ դասուած գերմանացի Անճելիք Քերպըր ապահովեց աղջկանց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթելէ ետք չեխ Փեթրա Քվիթովային: Քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովելով ան կարեւոր քայլ մը առաւ եւ յոյս ունեցաւ գրաւելու աղջկանց միջազգային ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը`...

Եւրոպայի 2017-ի Ախոյեանութիւն.  Զանգուածային Բախում` Թուրքիոյ Եւ Կիպրոսի Ֆութպոլի Մրցումին Ընթացքին

Եւրոպայի 2017-ի Ախոյեանութիւն. Զանգուածային Բախում` Թուրքիոյ Եւ Կիպրոսի Ֆութպոլի Մրցումին Ընթացքին

Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած ֆութպոլի մրցումը, որ կ՛իյնայ 2017-ի Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, աւարտեցաւ երկու կազմերուն միջեւ զանգուածային բախումով մը: Այս մրցումին Կիպրոս իր դաշտէն դուրս 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ մրցումին 21-րդ վայրկեանին Ֆանոս Քաթելարիս նշանակեց Կիպրոսի եւ մրցումին միակ կոլը: Չկարենալով, ընդունիլ իրենց կազմին կրած այս պարտութիւնը` թուրքերը հարցեր ստեղծեցին, պատճառաբանելով,...

Պեքընպաուըր Ենթարկուեցաւ Սրտի Վիրաբուժութեան

Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ գերմանացի նախկին անուանի ֆութպոլիստ Ֆրանց Պեքընպաուըր նախորդ շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ սրտի վիրաբուժութեան: 70 տարեկան Պեքընպաուըր նախորդ շաբաթավերջին Սալզպուրկի մէջ (Աւստրիա) գտնուող իր բնակարանէն ուղղուեցաւ Գերմանիոյ հարաւը գտնուող հիւանդանոցներէն մէկը, ուր ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան: Ան 1974-ի մոնտիալին նախկին Արեւմտեան Գերմանիոյ կազմին հետ իբրեւ խմբապետ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ իբրեւ մարզիչ 1990-ի մոնտիալին դարձեալ հանդիսացաւ ախոյեան:

Պենզեմայի Համար Ֆրանսայի Դռները Կը Բացուին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Նոել Լը Կրայէ յայտնեց, որ յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայի համար ազգային խումբ վերադառնալու դռները բաց կը մնան, որովհետեւ ինք ամբողջութեամբ դէմ է մարզիկի մը ցմահ կախակայումին եւ ազգային խումբէն վերջնական հեռացման: «Ան արդէն իսկ բացակայեցաւ Եուրօ-2016-էն եւ չենք ուզեր, որ այլ կարեւոր մրցաշարքերէ ալ բացակայի», շեշտեց նախագահը: Նշենք, որ 28 տարեկան Պենզեմա Ֆրանսայի հետ 81 միջազգային մրցումի...

«Ֆորմիւլա-1». Ռոզպըրկ Առաջին` Իտալիոյ Մէջ

Գերմանացի վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկ, նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Իտալիոյ կրան փրիին, երբ իր ինքնաշարժին` «Մերսետես»-ի հետ 53 լեփնոց այս կրան փրիին արձանագրեց 1 ժամ 17' 28" արդիւնք մը: Անոր խմբակից անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն 15" ուշացումով գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ փոտիում բարձրացող 3-րդ վարորդ հանդիսացաւ գերմանացի Սեպասթիան Վեթել (Ֆեռարի)` 20" ուշացումով: 2016 տարեշրջանի 14-րդ կրան փրիին տիրանալով` Ռոզպըրկ յաջողեցաւ իր եւ Հեմիլթընի...

Հեծելարշաւ. Ֆրումի Յոյսերը Կրնան Ի Դերեւ Ելլել

Անգլիացի Քրիս Ֆրումի յոյսերը` դառնալու առաջին հեծելանւորդը, որ 38 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի շահէր «Թուր տը Ֆրանս»-ը եւ Սպանիոյ շրջավազքը` նոյն տարուան ընթացքին, քիչ մը ծանր հարուած ստացան, երբ ան Սպանիոյ շրջավազքին 15-րդ հանգրուանին 2 վայրկեան 40 երկվայրկեան ուշացումով հասաւ ժամանման գիծ: Նշենք, որ Սպանիոյ շրջավազքը կ՛աւարտի 11 սեպտեմբերին` Մատրիտի մէջ:

Page 1067 of 1276 1 … 1,066 1,067 1,068 … 1,276

Արխիւներ