Իր կատարած պաշտօնական մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային յառաջապահ Ուէյն Ռունի ըսաւ, որ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալէն անմիջապէս ետք վերջ պիտի դնէ իր միջազգային արհեստավարժ ասպարէզին:
Կիրակի, 4 սեպտեմբերին, Սլովաքիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (Մոնտիալի զտում) ան Անգլիոյ հետ նոր մրցանիշ մը պիտի հաստատէ` կտրելով Տէյվիտ Պեքհամի հաստատած մրցանիշը, 116-րդ անգամ ըլլալով կրելով Անգլիոյ շապիկը:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ Սեմ Էլըրտայսի կողմէ խմբապետ կարգուած 30 տարեկան Ռունի նշանակած է 53 միջազգային կոլեր: