Երէկ` կիրակի, 4 սեպտեմբերին աւարտեցաւ Լիբանանի 39-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս ռելիին տիտղոսակիր հանդիսացաւ լիբանանցի փորձառու վարորդ Թամեր Ղանտուր, որ իր օգնականին` Սելիմ Ժալիլաթիի հետ արձանագրեց 2 ժամ 12 վայրկեան եւ 26 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Նշենք, որ անոր ինքնաշարժը «Միթսուպիշի Լանսըր Էվօ – 10- Ար. 4» տիպի էր:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռոտրիկ Ռայի (Էվօ-9), որ իր օգնականին` Ժորժ Շահուանի հետ արձանագրեց 2 ժամ 15′ 06″ արդիւնք մը, իսկ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Ապտօ Ֆըղալի («Սքոտա Ֆապիա Ար-5», որ իր օգնականին` Մարք Հատտատի հետ արձանագրեց 2 ժամ 15′ 35″ արդիւնք մը:
Նշենք, որ 12 անգամ այս ռելիին տիրացած Ռոժէ Ֆըղալի չկրցաւ ռելին ամբողջացնել` ինքնաշարժի հարցեր ունենալով:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ԱՊՏԵԼ ՌԱՈՒՖ ՍԱԼԱՄ