Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ իր վերջին փորձերը կատարեց Չեխիոյ մէջ, ուր կը մնայ քանի մը օրերէ ի վեր` դաշտին տիրոջ դէմ իր կատարած ֆութպոլի բարեկամական մրցումէն ի վեր:
Հայրենի կազմը այսօր կը մեկնի Քոփենհակըն, ուր վաղը 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ մրցում մը ունի կատարելիք Դանիոյ դէմ:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Դանիա – Հայաստան մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Աւստրիայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է Հերըլտ Լեհնըր, իսկ կողմի իրաւարարները` Անտրէաս Հայտընրայխ եւ Մաքսիմիլիան Քոլպիչ:
Նշենք, որ վաղուան մրցումին Հենրիխ Մխիթարեանի մասնակցութիւնը կասկածելի է` նկատի ունենալով, որ ան Չեխիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին վնասուածք մը ստացաւ:
Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի կազմը, յաղթանակով սկսի 2018-ի մոնտիալի զտումի իր մրցումները: