Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Ռոզպըրկ Յաղթական` Ճափոնի Մէջ. «Մերսետես» Տիրացաւ Տիտղոսին

«Ֆորմիւլա 1»-ի 2016 տարեշրջանի ախոյեանութեան 17-րդ կրան փրին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` Ճափոնի մէջ, աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի գերմանացի վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկի յաղթանակով: Հոլանտայի Մաքս Վերսթափեն («Ռետ-Պուլ») գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ երրորդ վարորդը, որ փոտիում բարձրացաւ, եղաւ Ռոզպըրկի անգլիացի խմբակից Լուիս Հեմիլթըն: «Մերսետես»-ի վարորդներուն ձեռք ձգած այս յաջողութեան շնորհիւ, անոնց խումբը ժամանակէն առաջ տիրացաւ խմբային ախոյեանութեան տիտղոսին` յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով: «Մերսետես»...

Արազ Օզպիլիս Կրնայ Տեղափոխուիլ Թերեք

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ թրքական Պեշիքթաշ խումբի միջնապահ Արազ Օզպիլիս մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին շատ հաւանաբար տեղափոխուի Թերեք Կրոզնի (Ռուսիա): Տեղափոխուելով Պեշիքթաշ` 26 տարեկան ֆութպոլիստը միայն մէկ մրցումի մասնակցեցաւ եւ իր ակումբին կողմէ նկատի չառնուեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2016-2017 տարեշրջանին համար: Այս տարուան յունուարին Պեշիքթաշ Օզպիլիսի փոխանցման իրաւունքը 1,3 միլիոն եւրոյով գնեց Սպարտակ Մոսկուայէն: Իսկ նախորդ տարեշրջանին երկրորդ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ամալ Մաարաքէ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 9 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ամալ Մաարաքէն: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին: Ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ընթացքին ՀՄԸՄ արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ 1 հաւասարութիւն: Վաղուան մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն արձանագրելու իրենց երրորդ...

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր` Հայաստան – Ռումանիա

Այսօր` շաբաթ, 8 հոկտեմբերին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Հայաստան - Ռումանիա մրցումը, որ կ՛իյնայ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ե. խմբակին մաս կազմող Հայաստան, որ կը կատարէ զտումի իր երկրորդ մրցումը, առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ 4 սեպտեմբերին, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Դանիայէն: Երէկ, հայրենի կազմը...

Փաշիկ Ալավերդեան. «Հայաստանի Հաւաքականին Որակազրկում Չի Սպառնար»

Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց, որ 2012-ին Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող Նորայր Վարդանեան, որ խթանիչ արգիլեալ դեղեր գործածած էր, ժամանակաւորապէս կը կախակայուի: Այդ լուրին հրապարակումէն ետք տեղեկութիւններ շրջան ըրին, որ Հայաստանի հաւաքականը կրնայ մէկ տարիով կախակայուիլ` նկատի ունենալով, որ խթանիչ դեղերու գործածութեան պարագաներ եւս յայտնաբերուած էին երկու մարզիկներու` Հռիփսիմէ Խուրշուդեանի եւ Տիգրան Գ. Մարտիրոսեանի մօտ: Սակայն...

Եուրօ-2017. Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Պարտուեցաւ Լիւքսամպուրկէն

Եւրոպայի 2017-ի երիտասարդական ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին էջ, երէկ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ հիւրընկալեց Լիւքսամպուրկը, անկէ նուազագոյն հաշիւով պարտուեցաւ: Հիւր կազմը իր եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց 83-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Թոտորովիչի: Ե. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին համար ասիկա 8-րդ պարտութիւնն էր` 9 մրցումի ընթացքին: Նշենք, որ Կարէն Բարսեղեանի գլխաւորած կազմը այժմ մէկ կէտով կը գրաւէ վերջին...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. Վաղը` Ժամհուր – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 9 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Ժամհուրի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: Մէկ յաղթանակ արձանագրած եւ մէկ պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ վերոնշեալ մարզադաշտը եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Հայկական Պասքեթպոլին Վերադարձը

Հայաստանցի համակիրները դարձեալ առիթը ունեցան լեցնելու պասքեթպոլի մարզադաշտերուն թրիպիւնները` նկատի ունենալով, որ Երեւանի Ուրարտու խումբը իր առաջին մրցումը կատարեց` Ռուսիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ մրցելով ռուսական Ռիազան խումբին դէմ: Թէեւ Տիգրան Կէօքճեանի գլխաւորած խումբը երկարաձգման ընթացքին 93-89 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ խաղարկութիւն մը ներկայացնել: Առաջին անգամ ըլլալով նորանկախ Հայաստանի համակիրները մեծ ոգեւորութեամբ եկած էին դիտելու...

2018-ի Մոնտիալ. Հարաւային Ամերիկայի Գօտի

- Պրազիլ 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Պոլիվիան - Փերու - Արժանթին` 2-2 Երէկ, տեղի ունեցան Հարաւային Ամերիկայի գօտիի 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 9-րդ հանգրուանի մրցումները: Ուրուկուէյ մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Վենեզուելայի: Վերջինս, որ կը գրաւէ դասաւորման 10-րդ եւ վերջին դիրքը, միակ խումբն ըլլալով ցարդ յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել: Պրազիլ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց...

2018-ի Մոնտիալ.  Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

2018-ի Մոնտիալ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այս շաբաթավերջին 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ պիտի կատարուին 18 ճակատումներ, որոնցմէ ոմանք բնականաբար պիտի ըլլան հետաքրքրական: Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ            ԺԱՄ Գ. ԽՄԲԱԿ   Ազրպէյճան - Նորվեկիա 19:00 Գերմանիա - Չեխիա 21:45 Հիւսիսային Իրլանտա - Սան Մարինօ 21:45 Ե. ԽՄԲԱԿ   ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Ռումանիա 19:00 Մոնթենեկրօ - Ղազախստան 19:00 Լեհաստան...

Սարգիս Ադամեան` Յաղթական Կոլի Հեղինակ

Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Շթայնպախ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Քոպլենցի: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Սարգիս Ադամեան: 23 տարեկան հայրենի ֆութպոլիստը, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, այս տարեշրջանի ընթացիկ ախոյեանութեան իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացուց 7-ի: 12-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Շթայնպախ 23 կէտով այժմ կը բաժնէ 4-րդէն 5-րդ դիրքը, կ՛եզրափակէ News.am-Sport...

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Խըրխըզիստան – Լիբանան` 0-0

Երէկ` հինգշաբթի, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը ճակատեցաւ Խըրխըզիստանի դէմ: Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր 6500 հանդիսատես: Երկու կազմերուն համար այս մրցումը եղաւ պատրաստութիւն մը` 2019-ի Ասիոյ բաժակի զտումի մրցաշարքին գծով: Մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: Դաշտին տէրը փորձեց կոլ նշանակել Լիբանանի բերդին մէջ, սակայն բերդապահ Մըհտի Խալիլ զսպեց կոլի չորս ստոյգ առիթներ:...

2018-ի Մոնտիալ. Հայաստան – Ռումանիա Մրցումին Իրաւարարները` Ռուսիայէն

Վաղը` շաբաթ, 8 հոկտեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան - Ռումանիա մրցումը, որ կ՛իյնայ 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: News.am-Sport կայքը երէկ հաղորդեց, որ այս մրցումին համար «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ իրաւարարները նշանակուած են Ռուսիայէն: Օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Վլատիսլաւ Պեզպորոտով: Կողմի իրաւարարներն են` Վալերի Տանչենքօ եւ...

Եուրի Վարդանեանի Զաւակը Խթանիչ Դեղեր Գործածած Է. Հայաստան Կրնայ Մէկ Տարիով Կախակայուիլ

2008-ին Միացեալ Նահանգներու ախոյեան հանդիսացած ծանրաբարձ Նորայր Վարդանեան, խթանիչ դեղերու գործածութեան օրէնքները խախտած ըլլալուն համար ժամանակաւորապէս զրկուեցաւ մրցումներուն մասնակցելու իրաւունքէն, կը հաղորդէ Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան, ողիմպիականի ախոյեան Եուրի Վարդանեանի զաւկին վրայ խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ կատարուած քննութիւնները` Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին, դրական արդիւնք տուած են: Լոնտոն-2012-ին Նորայր Վարդանեան, որ կը ներկայացնէր Հայաստանը, 94 քկ...

Ճատրակ. Միհայիլ Թալի Յուշամրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Վերջին Հանգրուանին

Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի 8-րդ ախոյեան Միհայիլ Թալի անուան 10-րդ յուշամրցաշարքին վերջին` 9-րդ հանգրուանի հանդիպումները կատարուեցան երէկ: Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր կատարած այս վերջին մրցումին, որուն ընթացքին սեւ քարերով ճակատեցաւ աշխարհի նախկին ախոյեան, հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի հետ, հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ 40-րդ շարժումին: Լեւոն Արոնեան մրցաշարքը աւարտեց 5 կէտով եւ գրաւեց 3-րդ դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ...

2018-ի Մոնտիալ. Իտալիա – Սպանիա` 1-1

Տանիելէ Տէ Ռոսսի 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան 9 ճակատումներ` Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ: Երէկուան կարեւորագոյն մրցումը Է. խմբակին մէջ իրարու դէմ հանեց Իտալիան եւ Սպանիան` առաջինին դաշտին վրայ (Եուվենթուս, Թորինօ): Երկու կազմերը իրարմէ բաժնուեցան 1-1 արդիւնքով: 56-րդ վայրկեանին Վիթոլօ նշանակեց Սպանիոյ կոլը, մինչ Իտալիոյ հաւասարութեան կոլը փենալթիով նշանակեց Տանիելէ Տէ Ռոսսի (82-րդ): Երկու կազմերն...

Վահան Բիչախչեան` Ամէնէն Տաղանդաւոր Երիտասարդ Ֆութպոլիստներու Կարգին

Շիրակ Գիւմրիի 17 տարեկան միջնապահ Վահան Բիչախչեան, անգլիական «Տը Կարտիըն» թերթին կողմէ ընդգրկուեցաւ 2016 տարուան ամէնէն տաղանդաւոր երիտասարդ ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ: Գիւմրեցի 17 տարեկան ֆութպոլիստին մասին հեղինակաւոր պարբերաթերթը կը գրէ հետեւեալը. «Ոմանք Բիչախչեանը կը նկատեն Հենրիխ Մխիթարեանին նման տաղանդաւոր: Ան, Շիրակի (գլխաւոր խումբին) հետ իր նորամուտը նշեց 16 տարեկանին: Վրացական Թիլայի դէմ տեղի ունեցած «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին, Բ....

Պասքեթպոլ. 25 Տարեկան Մուր Մահացաւ Իր Կատարած Առաջին Փորձին Ընթացքին

Մակեդոնական Օկրիթ պասքեթպոլի խումբին մաս կազմող 25 տարեկան ամերիկացի մարզիկ Քեմերոն Մուր փորձերու ընթացքին մահացաւ: Ան իր նոր կազմին հետ կը կատարէր իր առաջին փորձը կը յայտնէ «Սփորթանտօ»: Ան իր կատարած տանքէն ետք, երբ կը վերադառնար պաշտպանողական իր դիրքին կորսնցնելով իր գիտակցութիւնը գետին ինկաւ: Թէեւ խումբին բժիշկները անմիջապէս անոր օգնութեան հասան, բայց կարելի չեղաւ փրկել մարզիկին կեանքը: Կը նշուի, որ...

Լաուտրուփ Նշանակուեցաւ Ռայանի Մարզիչ

Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Միքայէլ Լաուտրուփ նշանակուեցաւ Ռայանի մարզիչ, յայտնեց քաթարեան ակումբին պաշտօնական կայքը: Ռայանի եւ 52 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին միջեւ պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը: Նշենք, որ Լաուտրուփ փոխարինեց ուրուկուէյցի Խորխէ Ֆոսսաթին, որ իր պաշտօնը լքելով նշանակուեցաւ Քաթարի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:

Նախկին Ֆութպոլիստը Ձերբակալուեցաւ… 739 Քկ Մարիխուանա Պահելու Համար

«Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, որ Քայզըրսլաութըրնի նախկին ֆութպոլիստ Մարսելօ Պլեչ ձերբակալուեցաւ: Կը նշուի, որ 40 տարեկան պրազիլցիին մօտ յայտնաբերուած է 739 քկ մարիխուանա: Ան թմրեցուցիչի այդ տեսակը պահած էր Քասքաւել քաղաքին մէջ: 2005-2006 տարեշրջանին Պլեչ Քայզըրսլաութըրնի հետ 22 մրցումի ընթացքին նշանակեց 1 կոլ: Ան մաս կազմած է նաեւ Օմոնիայի (Կիպրոս) եւ Վոյվոտինայի (Սերպիա): 2011-ին ան վերջ դրաւ ֆութպոլիստի...

Page 1058 of 1276 1 … 1,057 1,058 1,059 … 1,276

Արխիւներ