
Հայաստանցի համակիրները դարձեալ առիթը ունեցան լեցնելու պասքեթպոլի մարզադաշտերուն թրիպիւնները` նկատի ունենալով, որ Երեւանի Ուրարտու խումբը իր առաջին մրցումը կատարեց` Ռուսիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ մրցելով ռուսական Ռիազան խումբին դէմ:
Թէեւ Տիգրան Կէօքճեանի գլխաւորած խումբը երկարաձգման ընթացքին 93-89 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ խաղարկութիւն մը ներկայացնել:
Առաջին անգամ ըլլալով նորանկախ Հայաստանի համակիրները մեծ ոգեւորութեամբ եկած էին դիտելու տղոց ներկայացումը:
Նշենք, որ Ուրարտու իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ 9 հոկտեմբերին` մրցելով Սամարայի դէմ:


