Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի 8-րդ ախոյեան Միհայիլ Թալի անուան 10-րդ յուշամրցաշարքին վերջին` 9-րդ հանգրուանի հանդիպումները կատարուեցան երէկ:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր կատարած այս վերջին մրցումին, որուն ընթացքին սեւ քարերով ճակատեցաւ աշխարհի նախկին ախոյեան, հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի հետ, հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ 40-րդ շարժումին:
Լեւոն Արոնեան մրցաշարքը աւարտեց 5 կէտով եւ գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Տիտղոսին տիրացաւ ռուս Եան Նեպոմնեաշչի (6 կէտով):