Եւրոպայի 2017-ի երիտասարդական ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին էջ, երէկ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ հիւրընկալեց Լիւքսամպուրկը, անկէ նուազագոյն հաշիւով պարտուեցաւ:
Հիւր կազմը իր եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց 83-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Թոտորովիչի:
Ե. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին համար ասիկա 8-րդ պարտութիւնն էր` 9 մրցումի ընթացքին:
Նշենք, որ Կարէն Բարսեղեանի գլխաւորած կազմը այժմ մէկ կէտով կը գրաւէ վերջին դիրքը: