Շիրակ Գիւմրիի 17 տարեկան միջնապահ Վահան Բիչախչեան, անգլիական «Տը Կարտիըն» թերթին կողմէ ընդգրկուեցաւ 2016 տարուան ամէնէն տաղանդաւոր երիտասարդ ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ:
Գիւմրեցի 17 տարեկան ֆութպոլիստին մասին հեղինակաւոր պարբերաթերթը կը գրէ հետեւեալը.
«Ոմանք Բիչախչեանը կը նկատեն Հենրիխ Մխիթարեանին նման տաղանդաւոր: Ան, Շիրակի (գլխաւոր խումբին) հետ իր նորամուտը նշեց 16 տարեկանին: Վրացական Թիլայի դէմ տեղի ունեցած «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին, Բ. հանգրուանի դարձի մրցումին ան դառնալով կոլի հեղինակ, իր կազմին ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: Ան այսպիսով դարձաւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն ընթացքին կոլ նշանակած ամէնէն երիտասարդ հայ ֆութպոլիստը:
«Անոր խաղաոճը նման է Քեւին տը Պրույնէին եւ ան կը յիշեցնէ երիտասարդ Ուէյն Ռունին: Ան նաեւ ունի կոլ նշանակելու բացառիկ յատկութիւն եւ շատ դիւրութեամբ կրնայ շրջանցել իր մրցակիցը:
«Պատահական չէ, որ զայն հրաւիրեցին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքական»:
Նշենք, որ Վահան Բիչախչեան Շիրակի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Բիչախչեանի զաւակն է, իր տուած այս լուրը կ՛եզրափակէ News.am-Sport: