«Ֆորմիւլա 1»-ի 2016 տարեշրջանի ախոյեանութեան 17-րդ կրան փրին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` Ճափոնի մէջ, աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի գերմանացի վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկի յաղթանակով: Հոլանտայի Մաքս Վերսթափեն («Ռետ-Պուլ») գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ երրորդ վարորդը, որ փոտիում բարձրացաւ, եղաւ Ռոզպըրկի անգլիացի խմբակից Լուիս Հեմիլթըն:
«Մերսետես»-ի վարորդներուն ձեռք ձգած այս յաջողութեան շնորհիւ, անոնց խումբը ժամանակէն առաջ տիրացաւ խմբային ախոյեանութեան տիտղոսին` յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով:
«Մերսետես» ապահովեց նաեւ անհատական տիտղոսը` նկատի ունենալով, որ Ռոզպըրկ ունի 313 կէտ, մինչ Հեմիլթըն` 280 կէտ:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է չորս հանգրուան միայն: