Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց, որ 2012-ին Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը ներկայացնող Նորայր Վարդանեան, որ խթանիչ արգիլեալ դեղեր գործածած էր, ժամանակաւորապէս կը կախակայուի:
Այդ լուրին հրապարակումէն ետք տեղեկութիւններ շրջան ըրին, որ Հայաստանի հաւաքականը կրնայ մէկ տարիով կախակայուիլ` նկատի ունենալով, որ խթանիչ դեղերու գործածութեան պարագաներ եւս յայտնաբերուած էին երկու մարզիկներու` Հռիփսիմէ Խուրշուդեանի եւ Տիգրան Գ. Մարտիրոսեանի մօտ:
Սակայն այդ տեղեկութիւնը հերքելով` Հայաստանի տղոց ծանրաբարձութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան, ArmSport.am-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ.
«Չեմ հասկնար, թէ ո՛վ այսպիսի ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ: Նոր օրէնքներուն համաձայն, եթէ մէկ տարուան ընթացքին երեք ծանրաբարձներ խթանիչ դեղեր գործածած են, այդ պարագային միայն անոնց հաւաքականը կրնայ մէկ տարիով կախակայուիլ: Սակայն այս պարագային այդ դեղերուն գործածութիւնը տեղի ունեցած է 8 տարուան միջոցին:
«Բացի ատկէ, հաւաքականը որակազրկում կը ստանայ, եթէ չի վճարեր համապատասխան տուգանքը:
«Երեք մարզիկներու համար սահմանուած է 50 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ չորսին համար` 100 հազար ամերիկեան տոլար:
«Եզրափակելով ըսեմ, որ Հայաստանի հաւաքականին որակազրկում չի սպառնար»: