
Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Շթայնպախ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Քոպլենցի:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածու Սարգիս Ադամեան:
23 տարեկան հայրենի ֆութպոլիստը, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, այս տարեշրջանի ընթացիկ ախոյեանութեան իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը բարձրացուց 7-ի:
12-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Շթայնպախ 23 կէտով այժմ կը բաժնէ 4-րդէն 5-րդ դիրքը, կ՛եզրափակէ News.am-Sport կայքը:


