Մակեդոնական Օկրիթ պասքեթպոլի խումբին մաս կազմող 25 տարեկան ամերիկացի մարզիկ Քեմերոն Մուր փորձերու ընթացքին մահացաւ: Ան իր նոր կազմին հետ կը կատարէր իր առաջին փորձը կը յայտնէ «Սփորթանտօ»:
Ան իր կատարած տանքէն ետք, երբ կը վերադառնար պաշտպանողական իր դիրքին կորսնցնելով իր գիտակցութիւնը գետին ինկաւ:
Թէեւ խումբին բժիշկները անմիջապէս անոր օգնութեան հասան, բայց կարելի չեղաւ փրկել մարզիկին կեանքը:
Կը նշուի, որ այս տարուան մայիսին, սրտի հարցերու պատճառով ան մահաքունի մէջ յայտնուած էր, սակայն ապաքինելով սկսած էր շարունակել իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Ամերիկացի մարզիկը, նախքան Մակեդոնիա տեղափոխուիլը, հանդէս եկած է ուքրանական եւ իտալական ակումբներու հետ: