«Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, որ Քայզըրսլաութըրնի նախկին ֆութպոլիստ Մարսելօ Պլեչ ձերբակալուեցաւ:
Կը նշուի, որ 40 տարեկան պրազիլցիին մօտ յայտնաբերուած է 739 քկ մարիխուանա: Ան թմրեցուցիչի այդ տեսակը պահած էր Քասքաւել քաղաքին մէջ:
2005-2006 տարեշրջանին Պլեչ Քայզըրսլաութըրնի հետ 22 մրցումի ընթացքին նշանակեց 1 կոլ: Ան մաս կազմած է նաեւ Օմոնիայի (Կիպրոս) եւ Վոյվոտինայի (Սերպիա):
2011-ին ան վերջ դրաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: