Երէկ` հինգշաբթի, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը ճակատեցաւ Խըրխըզիստանի դէմ:
Պիշքեքի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր 6500 հանդիսատես:
Երկու կազմերուն համար այս մրցումը եղաւ պատրաստութիւն մը` 2019-ի Ասիոյ բաժակի զտումի մրցաշարքին գծով:
Մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:
Դաշտին տէրը փորձեց կոլ նշանակել Լիբանանի բերդին մէջ, սակայն բերդապահ Մըհտի Խալիլ զսպեց կոլի չորս ստոյգ առիթներ:
Լիբանանի կազմը այսօր կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը պատրաստուի յառաջիկայ երեքշաբթի օր Կինէի դէմ տեղի ունենալիք բարեկամական այլ մրցումի մը` Մարզական աւանին մէջ: