Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Միքայէլ Լաուտրուփ նշանակուեցաւ Ռայանի մարզիչ, յայտնեց քաթարեան ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ռայանի եւ 52 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին միջեւ պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը:
Նշենք, որ Լաուտրուփ փոխարինեց ուրուկուէյցի Խորխէ Ֆոսսաթին, որ իր պաշտօնը լքելով նշանակուեցաւ Քաթարի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: