Մարզական

Ռոպեն Բացակայ` Հոլանտայի Կատարելիք Երկու Մրցումէն

Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Արժեն Ռոպեն, որ Քէօլնի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի մրցումին (6-րդ հանգրուան) Ա. կիսախաղի դադարին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը (վիրաւորուելէ ետք), իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Հոլանտայի կատարելիք յաջորդ երկու մրցումներուն (2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարք): Հոլանտայի մրցակիցները պիտի ըլլան Պիելոռուսիա (7 հոկտեմբեր) եւ Ֆրանսա (10 հոկտեմբեր): Հոլանտա իր դաշտէն դուրս 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքը սկսաւ հաւասարութեամբ (1-1)` Զուիցերիոյ...

Ռէալ Մատրիտ Կ՛որոշէ Բաժնուիլ Քէյլոր Նաւասէն

Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես դժգոհ է ակումբին Քոսթա Ռիքայի բերդապահ Քէյլոր Նաւասի խաղարկութենէն, կը յայտնէ Sport.es կայքը: Արքայական ակումբը մտադիր է բաժնուիլ Նաւասէն, որ վերջերս ապաքինելով իր ստացած վնասուածքէն, իրմէ ակնկալուածը չի տար: Կը կարծուի, որ մօտիկ ապագային այս առնչութեամբ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ի յայտ գան:

Հանրի Շալհուպի Անուան Պասքեթպոլի 2-րդ Մրցաշարք.  Ցարդ Մասնակցող Խումբերուն Թիւը` 9

Հանրի Շալհուպի Անուան Պասքեթպոլի 2-րդ Մրցաշարք. Ցարդ Մասնակցող Խումբերուն Թիւը` 9

Հանրի Շալհուպի անուան տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ 4-12 նոյեմբերին տեղի ունենալիք այս 2-րդ մրցաշարքին, Ա. դասակարգի 9 խումբեր ցարդ իրենց հաւանութիւնը տուած են անոր մասնակցելու: Այդ խումբերն են` Պիպլոս (տիտղոսակիր), Սաժես, Մութթահետ, ՀՄԸՄ, Շանվիլ, Թատամոն Զուք, Հուփս, Լուէյզի եւ Մէյրուպա: Նշենք, որ Ռիատի իր պատասխանը պիտի տայ աւելի ուշ: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ այս մրցաշարքը լաւագոյն պատրաստութիւնը պիտի ըլլայ...

Արթուր Ալեքսանեան Եւ Միհրան Յարութիւնեան` Երեւանի Պատուոյ Քաղաքացիներ

Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցած ամառնային ողիմպիական խաղերուն յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ոսկի մետալակիր Արթուր Ալեքսանեանին եւ փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեանին, շնորհուեցաւ Երեւանի պատուոյ քաղաքացիի կոչում: Յիշեցնենք, որ Արթուր Ալեքսանեան յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Նազարեանէն ետք դարձաւ անկախ Հայաստանի պատմութեան երկրորդ ողիմպիական ախոյեանը. մինչ Միհրան Յարութիւնեան կողմնակալ իրաւարարութեան պատճառով աւարտականին պարտուեցաւ, բաւարարուելով արծաթ մետալով:

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր` Իտալիա – Սպանիա

Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ այսօր տեղի կ՛ունենան 9 ճակատումներ, որոնք կ՛իյնան 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Այսօրուան կարեւորագոյն մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ բաւական զօրաւոր երկու խումբեր` Իտալիան եւ Սպանիան: Մրցումը կը խոստանայ ըլլալ բաւական հետաքրքրաշարժ: Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). Դ. ԽՄԲԱԿ                  ԺԱՄ Աւստրիա - Կալես 21:45 Իրլանտա - Վրաստան 21:45 Մոլտովա - Սերպիա 21:45 Է. ԽՄԲԱԿ...

Մանչեսթըր Եունայթըտի Նամակը` Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ֆետերասիոնը Մանչեսթըր Եունայթըտէն ստացած է նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ անգլիական ակումբը ֆետերասիոնէն խնդրած է, որ Հենրիխ Մխիթարեան չմասնակցի Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներուն` 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին առնչութեամբ: Անգլիական ակումբին բժիշկը այդ նամակին մէջ ըսած է հետեւեալը. «Հենրիխ Մխիթարեան կը գտնուի ապաքինման հանգրուանի մը մէջ, ձախ ազդրի մկանի...

Հայաստանի Ֆութսալի Ախոյեանութիւնը Սկսաւ

Հայաստանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին ազդանշանը տրուեցաւ, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Լէօ եղաւ մեծագոյն յաղթականը` 23-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Արթիկը: Չարբախ յաղթեց Գիւմրիի (12-4), «ՎՊՀ» Ալավերտիի (7-3), մինչ Արմինիա Թրավըլ - «ՀՊՏՀ» մրցումը աւարտեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ:

Աքրամ Հալապի Թեկնածու` Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահական Ընտրութիւններուն

Շանվիլ եւ Թատամոն Զուք ակումբներու նախկին պատուոյ նախագահ Աքրամ Հալապի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, ըսաւ, որ ինք թեկնածու է Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան դեկտեմբերին: Ան ըսաւ, որ իր առաջադրելիք պաշտօնական թեկնածութիւնը առիթ պիտի տայ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն հետեւիլ իր օրինակին, իրենց կարգին առաջադրելու իրենց թեկնածութիւնը: Ան իր խօսքը եզրափակեց նշելով, թէ իր փափաքն...

Մարիօ Կոմեզ Պիտի Բացակայի Գերմանիոյ Կատարելիք Մրցումներէն

Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ երկրի ազգային խումբի յառաջապահ Մարիօ Կոմեզ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Գերմանիոյ կատարելիք յառաջիկայ մրցումներուն, որոնք կ՛իյնան 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: 31 տարեկան Կոմեզ, որ իր ստացած վնասուածքին պատճառով քանի մը օրէ ի վեր չի մասնակցիր փորձերուն, վերջին անգամ Գերմանիոյ հետ դաշտ ներկայացաւ Իտալիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին...

Գէորգ Յովհաննիսեանի Յաջող Վիրաբուժութիւնը

Շիրակ Գիւմրիի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Գէորգ Յովհաննիսեան ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը: Ան իր փորձերուն կը վերսկսի յունուար 2017-ին: 33 տարեկան Յովհաննիսեան Արարատ Երեւանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (1 հոկտեմբեր) ձեռքի վնասուածք ստանալով 17-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ: Յայտնենք, որ ան Դանիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք) դաշտ ներկայացաւ, ինչպէս նաեւ հրաւէր ստացած...

Թենիս. Շարափովայի Պատիժը Նուազեցաւ

Լոզանի Մարզական վճռաբեկ դատարանը մինչեւ 15 ամիս կրճատեց ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովայի որակազրկումը, կը յայտնէ «Մետուզա»: Ան թենիսի դաշտերը կրնայ վերադառնալ 26 ապրիլ 2017-ին: Անոր ստացած նախկին կախակայումը, որ երկու տարիով էր, կ՛աւարտէր յունուար 2018-ին: Նշենք, որ Շարափովա կախակայուած ըլլալուն պատճառով բացակայեցաւ Ռիօ-2016-ի ողիմպիականէն:  

Մորաթթի Չի Պատրաստուիր Վերադառնալ Ինթեր Միլան

Ինթեր Միլանի պատուոյ նախագահ Մասիմօ Մորաթթի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ չի պատրաստուիր վերադառնալ ակումբի նախագահի պաշտօնին: Ան ըսաւ, որ այն ինչ որ իտալական մամուլը կը հաղորդէ, երբեք իրականութեան չի համապատասխաներ, որովհետեւ ինք երբե՛ք մտադիր չէ, այդ պաշտօնը վերստին ստանձնելու:

13 Տարեկան «Նոր Մեսսիի» Մը Յայտնաբերումը

13 տարեկան միջնապահ Քարամոքօ Քատեր Տեմպելէ (Փղոսկրեայ Ափունք) իր նորամուտը նշեց սկովտիական Սելթիքի 20 տարեկանէն վար խումբին հետ: Ան իր այդ նորամուտը նշեց Հարթցի դէմ կատարուած մրցումին, որուն ընթացքին դաշտ ներկայացաւ 81-րդ վայրկեանին: Ան բաւական տպաւորիչ մրցում մը ունեցաւ եւ իր ունեցած բացառիկ խաղարկութեամբ փայլեցաւ փորձառու ֆութպոլիստներուն կողքին: Այս մրցումին պատանի տաղանդը համեմատեցին Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հետ: Մրցումը...

Նասսար Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հուրասիօ Մուրաթորէի Հետ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, որ կը գտնուի Ժընեւ (Զուիցերիա), յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնի («ՖԻՊԱ») նախագահ Հորասիօ Մուրաթորէի հետ: Նասսար Ժընեւի մէջ ներկայ գտնուեցաւ 2017-ի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած նիստին: Մուրաթորէի հետ շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպում-ժողովէն ետք, Նասսար իր պաշտօնակիցը հրաւիրեց Լիբանան այցելութեան մը, ինչ որ սիրայօժար կերպով ընդունուեցաւ: Կ՛ակնկալուի, որ Մուրաթորէ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, նախքան իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերուն քննարկումը, շնորհաւորեց Ահտը` ասիական մրցաշարքին ընթացքին անոր արձանագրած յաջողութեան համար: Յայտարարուեցաւ, որ 10 նոյեմբերին Լիբանան ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Պաղեստինի դէմ: 16-18 հոկտեմբերին Յորդանանի մէջ աղջկանց ֆութպոլի մրցաշարքին վերաբերող նոր օրէնքներուն եւ որոշումներուն առումով տեղի ունենալիք ժողովին Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Համբիկ Միսաքեան: Ասիոյ ֆութպոլի...

Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

7 եւ 11 հոկտեմբերին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը պիտի կատարէ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի իր վերջին երկու մրցումները` յաջորդաբար մրցելով Լիւքսամպուրկի եւ Կալեսի դէմ: Հայրենի կազմը այս շաբաթասկիզբին սկսաւ իր մարզական հաւաքին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, հաղորդեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Նախապէս հրաւիրուած 18 ֆութպոլիստներէն հաւաքին պիտի չմասնակցի, Բանանցի միջնապահ Ալեքսանտր Յովհաննիսեան`...

Ասիական Ծովեզերեայ Խաղեր. Լիբանան Տիրացաւ 7 Մետալի

Վիեթնամի մէջ աւարտած Ասիական 5-րդ ծովեզերեայ խաղերուն, Լիբանան տիրացաւ 1 արծաթ եւ 6 պրոնզ մետալներու: Մույ-թայի մրցումներուն, Ռուլա Հատտատ տիրացաւ արծաթ մետալի, իսկ Մոհամետ Ֆընէյշ եւ Մարիան Ամրա` պրոնզ մետալներու: Քուրաշի մրցումներուն, պրոնզ մետալներու տիրացան Էլի Շահեր եւ Փիեռ Պու Ապտօ, մինչ Սամպոյի մրցումներուն պրոնզ մետալի տիրացաւ Ժատ Ֆատել: Վերջապէս, վերջին պրոնզ մետալին տիրացաւ Լիբանանի ֆութպոլի խումբը, որ երրորդ դիրքի...

Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչներ Ալի Հազերի եւ Նաժի Համմուտի: Կազմուած էր երկու ցանկ: Առաջինը կը գլխաւորէր Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, իսկ երկրորդը` Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանի: Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 21 ակումբներու 21 ներկայացուցիչները: Ֆետերասիոնի նոր անդամներ ընտրուեցան հետեւեալ անձերը. Ֆիլիփ Պաժժանի...

Սմբատ Լպուտեան Տեսակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ճատրակի Ֆետերասիոնին Նախագահին Հետ

Սմբատ Լպուտեան Տեսակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ճատրակի Ֆետերասիոնին Նախագահին Հետ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց‚ որ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ տոքթ. Ռաշետ պըն Քաշիշ Զահիրիի հետ քննարկեց ճատրակը Էմիրութիւններու կրթական ծրագիրին մէջ ներառելու գաղափարն ու այդ ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան փորձառութենէն օգտուելու կարելիութիւնը: Հայաստանի մէջ «Դպրոցներու մէջ ճատրակի ուսուցման տեսական ու գործնական հարցերը» խորագիրով խորհրդաժողովի մասնակից պըն Քաշիշ յայտնեց‚ որ կրթական...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Զորան Վիսիչ Նշանակուեցաւ Շեպիպէի Մարզիչ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Շեպիպէ իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ սերպ Զորան Վիսիչ նշանակուեցաւ խումբի նոր մարզիչ: Նշենք, որ անոր նշանակումը կատարուեցաւ նկատի ունենալով, որ Շեպիպէ փրոթոգոլային պայմանագրութիւն մը ունի կնքուած «Եուփաք» պասքեթպոլի (Սերպիա) ակադեմիային հետ:

Page 1059 of 1276 1 … 1,058 1,059 1,060 … 1,276

Արխիւներ