Այսօր` շաբաթ, 8 հոկտեմբերին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Հայաստան – Ռումանիա մրցումը, որ կ՛իյնայ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ե. խմբակին մաս կազմող Հայաստան, որ կը կատարէ զտումի իր երկրորդ մրցումը, առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ 4 սեպտեմբերին, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Դանիայէն:
Երէկ, հայրենի կազմը իր վերջին փորձերը կատարեց վերոնշեալ մարզադաշտին վրայ, անհրաժեշտ բոլոր ցուցմունքները ստանաով խումբի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեանէն:
Նշենք, որ հայրենի կազմը յառաջիկայ երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին կը կատարէ զտումի իր երրորդ մրցումը` հիւրը ըլլալով Լեհաստանի:
Կ՛ակնկալուի, որ Հայաստան այսօր իր ամէն կարելին ընէ` արձանագրելու համար զտումի իր առաջին յաղթանակը: