Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 9 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Ժամհուրի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:
Մէկ յաղթանակ արձանագրած եւ մէկ պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ վերոնշեալ մարզադաշտը եւ քաջալերել իրենց կազմը:


