Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Պասքեթպոլ. Կիրակի, 27 Նոյեմբերին Աղջկանց Գ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի մրցումներուն յայտագիրը: Խումբերը բաժնուեցան տարբեր խմբակներու: Ա. խմբակին մաս կազմեցին ՀՄԸՄ Ժունիէ եւ ՀՄԸՄ Թրիփոլի: Կիրակի, 27 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին, ՀՄԸՄ Ժունիէ պիտի մրցի Ահիաա Ռիատայի դէմ: Իսկ ժամը 16:30-ին (նոյն օրը), ՀՄԸՄ Թրիփոլիի մրցակիցը պիտի ըլլայ Նատիմ Սուէյտ ակադեմիան: Վերոնշեալ երկու մրցումներն ալ պիտի ըլլան նաք-աութի...

Ճատրակ. Քարժաքին Իր Առաւելութիւնը Կը Պահէ Քարլսընի Վրայ

Նիւ Եորքի մէջ շարունակուող ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին համար իրարու դէմ պայքար մղող նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն եւ ռուս Սերկէյ Քարժաքին երէկ կատարեցին 9-րդ հանգրուանի մրցումը: Քարժաքին, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, 74-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց գործող ախոյեանին դէմ: Այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ ի նպաստ ռուս կրանտմասթըրին` 5-4 արդիւնքով: Ախոյեանութիւնը բաղկացած է 12 հանգրուանէ:

Ծանրաբարձութիւն. Անդրանիկ Կարապետեան Պիտի Փոխէ Իր Քաշային Կարգը

Sports.news.am մարզական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու ծանրաբարձութեան 77 քկ դասակարգի մրցումներուն ընթացքին վիրաւորուած Անդրանիկ Կարապետեան, որ վերսկսաւ իր փորձերուն, պիտի փոխէ իր քաշային կարգը եւ այսուհետեւ պիտի մասնակցի 85 քկ դասակարգի մրցումներուն: Այս առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարեց Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան: Նշենք, որ Կարապետեան 2016-ի Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած էր:  

Զլաթան Իպրահիմովիչ Յաջորդաբար 11-րդ Տարին Ըլլալով Շուէտի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, յաջորդաբար 11-րդ տարին ըլլալով ճանչցուեցաւ իբրեւ Շէուտի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այսպիսով իր երկրին ֆութպոլի պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատելով, կը նշէ «Տէյլի Մէյլ»-ը: Ան առաջին անգամ այս տիտղոսին տիրացաւ 2005-ին: Տարի մը ետք, թէեւ Արսենալի նախկին յառաջապահ Ֆրետրիք Լիունկպերկ տիրացաւ այդ տիտղոսին, բայց անկէ ետք սկսաւ Իպրահիմովիչի մենատիրութիւնը: Նշենք, որ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն ետք,...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Սիթի Եւ Մոնաքօ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Պատանեկան Լիկ. Հայ Ֆութպոլիստներ Կը Մասնակցին Գերմանական Խումբերու Դէմ Մրցումներուն

ArmFootball.com հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատանեկան լիկի մրցումներուն, հայ ֆութպոլիստներ իրենց մասնակցութիւնը բերած են գերմանական ակումբներու դէմ տեղի ունեցած մրցումներուն: Ռուսական Ռոսթով ակումբին մաս կազմող Նորիկ Մկրտչեան ամբողջ 90 վայրկեան մասնակցած է Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Այս մրցումին իր 5-րդ յաջորդական պարտութիւնը (1-0) կրելէ ետք, Ռոստով այժմ կը գրաւէ վերջին դիրքը: Ինչ...

Ողիմպիականի Կրկնակի Ախոյեանը Զրկուեցաւ Իր Երկու Ոսկի Մետալներէն

2008-ի Փեքինի եւ 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու ղազախ ախոյեան, 94 քկ դասակարգի ծանրաբարձ Իլիա Իլժին խթանիչ դեղերու գործածութեան պատճառով զրկուեցաւ երկու ողիմպիականներուն ալ իր տիրացած ոսկի մետալներէն, այս մասին հաղորդեց Ղազախստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Երկու խաղերուն անոր վրայ կատարուած քննութիւններուն վերստուգման ընթացքին յայտնաբերուած է արգիլեալ խթանիչ դեղերու գործածութեան պարագայ: Յայտնենք, որ այս տարի կատարուող արհեստագիտական քննութիւնները չորս տարի...

Աշխարհի Կռփամարտի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայրենի Մարզիկները Առանց Մետալի Վերադարձան Ս. Փեթերսպուրկէն

Հայաստանը ներկայացնող կռփամարտիկները աւարտեցին աշխարհի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան իրենց ելոյթները եւ Ս. Փեթերսպուրկէն (Ռուսիա) հայրենիք վերադարձան առանց մետալի տիրանալու: Քառորդ աւարտականին տոմս մը ապահովելու համար Նարեկ Յովհաննիսեան (60 քկ) եւ Գուրգէն Յովհաննիսեան (գերծանր կշիռ) պարտութիւններ կրելով իրենց կարգին դուրս մնացին պայքարէն: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 7 մարզիկով:

Արենա Փոխարինեց Քլինսմանը

Երեքշաբթի, 22 նոյեմբերին, Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եիւրկըն Քլինսման կորսնցուց իր պաշտօնը եւ 5 տարի պաշտօնավարելէ ետք պաշտօնանկ եղաւ երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ: Լոս Անճելըս Կալաքսիի 65 տարեկան մարզիչ Պրուս Արենա, լքելով իր ակումբը, անմիջապէս փոխարինեց Քլինսմանը:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ – Ռիատի Բացման Մրցումով Կը Սկսի Տղոց 2016-2017 Տարեշրջանի Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ` չորեքշաբթի, 23 նոյեմբերին, հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումները: Այս ախոյեանութիւնը կը սկսի կիրակի, 27 նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Շանվիլ - Ռիատի բացման մրցումով, որ տեղի կ՛ունենայ Տիք Մըհտիի մէջ: Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Շանվիլ - Ռիատի 17:00 Տիք Մըհտի ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Հիլալ Հարեթ Նաամէ Ստացաւ Բաւական Ծանր Պատիժներ

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը, ինչպէս նաեւ քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը` տալով համապատասխան որոշումներ: Ֆետերասիոնը քննութիւն բացաւ Ախա Ահլի Ալէյ - Անսար մրցումին գծով, որ մնացած էր կիսատ: Սալամ Զղարթա մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Բաւական ծանր պատիժներ ստացաւ Գ. դասակարգին...

Հռիփսիմէ Խուրշուդեան Զրկուեցաւ Լոնտոն-2012-ի Ողիմպիականի Պրոնզէ Մետալէն

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու մասնակցողներուն խթանիչ դեղերու գործածութեան նմուշներու վերստուգման հիման վրայ Հայաստանի ներկայացուցիչ, 29 տարեկան Հռիփսիմէ Խուրշուդեանը զրկեց ողիմպիականի պրոնզէ մետալէն, կը յայտնէ Sport.news.am: Աղջկանց 75 քկ եւ վեր ծանրաբարձութեան մրցումներուն մասնակցած Խուրշուդեանի քննութիւններուն ընթացքին յայտնաբերուած են արգիլեալ դեղեր, յայտնեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Անիկա Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պարտադրեց անմիջապէս վերադարձնել այդ մետալը, պատուոյ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Պարտուեցաւ, Բայց Անցաւ Յաջորդ Հանգրուան

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, Ռոսթով բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` 3-2 արդիւնքով յաղթելով Պայէրն Միւնիխին: Բայց հակառակ ատոր, Ռոսթով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Երէկ յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովեցին Փարիզ Սեն Ժերմեն, Արսենալ, Պարսելոնա, Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Պայէրն Միւնիխ: Ինչ կը վերաբերի նախանցեալ օր տեղի ունեցած մրցումներուն, յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը ապահովեցին Մոնաքօ, Ռէալ Մատրիտ, Լայսթըր...

Ըմբշամարտ. Տաշիր Կը Մասնակցի Աշխարհի Ակումբներու Ախոյեանութեան

28 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր, Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքի Լոքոմոթիւ մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի խմբային 3-րդ ախոյեանութիւնը: Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Տաշիր ակումբը: Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Բաղդադեան wrestling.am-ին յայտնեց, որ հայկական խումբը հանդէս պիտի գայ մարզիչներ Յովսէփ Յովսէփեանի եւ Յաբեթնակ Կուրղինեանի գլխաւորութեամբ: Տաշիրին մաս կը կազմեն...

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզի 8-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, 111-109 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, թէեւ վերջինիս մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 34 կէտ: Նշենք, որ այս յաղթանակը Լէյքըրզի համար եղաւ տարեշրջանի 8-րդը: Թէեւ Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 35 կէտ, սակայն անոր կազմը` Շիքակօ Պուլզ, 110-107 արդիւնքով պարտուեցաւ Տենվըր Նակեթցէն: Նիւ Օրլինզ 112-94...

Ճատրակ. Մակնիւս Քարլսընի Անակնկալ Պարտութիւնը

Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսին համար մղուող պայքարի 8-րդ հանգրուանին ի վերջոյ յաղթանակ մը արձանագրուեցաւ, երբ ռուս Սերկէյ Քարժաքին սեւ քարերով, անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց` 52-րդ շարժումին պարտութեան մատնելով աշխարհի գործող նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընը: Այսպիսով, Քարժաքին այժմ 4,5-3,5 արդիւնքով կը գերազանցէ Քարլսընը, որ իր կրած պարտութենէն ետք չուզեց մամլոյ ասուլիս տալ: Կը նշուի, որ 2...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  «Քիտզ Աթլեթիքս»-Ին Մասնակցեցան 118 Երկսեռ Աշակերտներ

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. «Քիտզ Աթլեթիքս»-Ին Մասնակցեցան 118 Երկսեռ Աշակերտներ

Կիրակի, 20 նոյեմբեր 2016-ին, Մանուկներու համաշխարհային օրուան առիթով, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպեց «Քիտզ Աթլեթիքս» մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 13:00: ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը յատկանշական այս օրը յատկացուց սոյն խաղի կազմակերպումին` այն նպատակով, որ մանուկները զերծ պահուին բռնութենէ եւ պատերազմի մթնոլորտներէ ու անոնց հետեւանքներէն` ստեղծելով մթնոլորտ մը, որ կը խրախուսէ սէր,...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 5-րդ Դիրքին Վրայ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումները, հակառակ անոր որ կարգ մը խումբեր կատարած են 8 մրցում: Բ. դասակարգին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կրեց տարեշրջանի իր 3-րդ պարտութիւնը Ամալ Պիքֆայայէն` 4-3 արդիւնքով: Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Տըքուանէ) տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Անդրանիկ Կարապետեան (2 կոլ) եւ...

Խառն Մենամարտ. Գեղարդ Մուսասի Նաք-Աութով Յաղթեց Իր Մրցակիցին

Հոլանտան ներկայացնող հայ մարտիկ Գեղարդ Մուսասի (Մովսէսեան) ժամայքացի Եուրայ Հոլի դէմ փոխվրէժի մենամարտին ընթացքին յաղթեց նաք-աութով: Հիւսիսային Իրլանտայի մայրաքաղաք Պելֆասթի մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի. Ֆայթ Նայթ-99» խառն մենամարտերու («ՄՄԱ») մրցաշարքի այս հանդիպումը աւարտեցաւ առաջին իսկ ռաունտին, երբ իրաւարարը Մուսասիի հարուածներու շարքէն ետք ստիպուած եղաւ դադրեցնել այս մարտը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Գեղարդ Մուսասի ըսաւ. «Մենք կանգ պիտի...

Ակումբներու Դասաւորման Մէջ.  Հայաստան 3 Դիրքի Ոստում Արձանագրեց

«Չեմփիընզ Լիկ». Յաջորդ Հանգրուան Հասնող Խումբերուն Թիւը Այսօր Եւ Վաղը Կ՛աւելնայ

Այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ութական ճակատումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ աւելի պիտի յստականան յաջորդ հանգրուան հասնող կազմերը: Այժմ մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ: Եթէ պատահի, որ այսօր Մոնաքօ եւ Պայէր Լեւերքուզըն յաղթեն (Ե. խմբակ), Թոթենհամ եւ Մոսկուայի բանակայինները դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն: Զ. խմբակին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ արդէն իսկ ապահոված է յաջորդ հանգրուանի իր...

«Էն. Պի. Էյ.». Պուլզ Յաղթեց Լէյքըրզի. Պաթլըր Նշանակեց 40 Կէտ

Ճիմի Պաթլըր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած մրցումին Լէյքըրզ 118-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Շիքակօ Պուլզէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 40 կէտ: Երկարաձգումէն ետք, Օքլահոմա Սիթի 115-110 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Ինտիանա Փէյսըրզէն: Օքլահոմայէն Ռասըլ Ուեթպրուք նշանակեց 31 կէտ: Նիւ Եորքի մէջ, Նիքս 104-94 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսի:...

Page 1040 of 1276 1 … 1,039 1,040 1,041 … 1,276

Արխիւներ