Sports.news.am մարզական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու ծանրաբարձութեան 77 քկ դասակարգի մրցումներուն ընթացքին վիրաւորուած Անդրանիկ Կարապետեան, որ վերսկսաւ իր փորձերուն, պիտի փոխէ իր քաշային կարգը եւ այսուհետեւ պիտի մասնակցի 85 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Այս առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարեց Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան:
Նշենք, որ Կարապետեան 2016-ի Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած էր: